
ՏԻԱՐՊԵՔԻՐ, «Արմէնփրէս».- Տիարպեքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր յայտարարած է, որ Թուրքիան իր տարածքին մէջ ապրող քրիստոնեաներուն դէմ ցեղասպանութեան դիմած է: Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է «Հրանդ Տինք» հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած «Տիարպեքիրի եւ շրջակայքի հասարակական եւ տնտեսական պատմութիւնը» նիւթով գիտաժողովին իր ունեցած ելոյթին ընթացքին:
Ըստ թրքական «Սթար» թերթին, ան աւելցուցած է. «Քրիստոնէութիւնը ոչնչացնելու քաղաքականութեան մէջ ամենամեծ ցաւը կրած հայերուն կողքին, կորուստներ ունեցած են նաեւ ասորիները, քլտանները, հրեաներն ու Պոնտոս յոյները: Բացայայտ է, որ պաշտօնապէս՝ «գաղ»չ, «արտագաղ»չ, «կոտորած» ճանչցուած այդ իրադարձութիւններուն արդիւնքը ցեղասպանութիւն է: Մենք պէտք է ընդունինք այդ ճշմարտութիւնը: Մեզմէ իւրաքանչիւրս կը ցանկանայ հպարտանալ սեփական ընտանիքով, ընտանիքի անցեալով, մշակոյթով, ժողովուրդով եւ անոր պատմութեամբ: Սակայն, եթէ նոյնիսկ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ սեւ, զզուելի եւ ստորացուցիչ էջեր կան, ապա անոնք չմերժելը, այդ յանցանքին մեղսակից չըլլալը մեր բարոյական եւ քաղաքական պարտքն է»: