ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Շուկայագիտութեան փրոֆ. Ֆիլիփ Քոթլըր, Նոյեմբեր 14ի իր դասընթացքին ներկայացուցած է CEO ֆորումը՝ ուղղուած 150 գլխաւոր տնօրէններու, նախարարներու եւ դեսպաններու:
«Սփրին Կրուփ» ընկերութեան միջազգային ծրագիրներու ղեկավար Տաթեւիկ Սիմոնեանի համաձայն, ֆորումին կը մասնակցին ընկերութիւններու գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչները: ««Մարքեթինկ»ի հիմնադիրը, «Marketing 3.0 Profitability. Returnability, Sustainability» հայեցակարգում կարեւորւում է այն անձին, ով որոշումներ է կայացնում: Նախորդ երկու ֆորումներն ուղղուած էին կատարողներին: Այս դասընթացը տարբերւում է նաեւ քննարկման հնարաւորութիւններով, որին մասնակցում է նաեւ Քոթլըր», նշեց Սիմոնեան:
Ֆինլանտայի շուկայագիտութեան ուսումնարանի ներկայացուցիչ Եուրի Սիշիկովի խօսքով, Քոթլըրի այցելութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան ընդլայնման: «Մենք պիտի համագործակցինք շուկայագիտութեան հայկական ընկերակցութեան հետ՝ փորձի փոխանակման նպատակով. հայ գործընկերները մէկշաբաթեայ այցով կ՛երթան Ֆինլանտա, իսկ Ֆիները՝ Հայաստան», նշեց Սիշիկով: