
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը, համագործակցութեամբ Հայ ուսանողներու միացեալ մարմինին (All-ASA)՝ կազմակերպած է ասպարէզի եւ համալսարանական ուսման նուիրուած խորհրդատուական փառատօն մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 12ին, կ.ա. ժամը 11էն մինչեւ կ.ե. ժամը 4:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պըրպենքի պետական երկրորդական վարժարանին մէջ (902 North Third Street):
Խորհրդատուական փառատօնին մասնակիցները կարելիութիւն պիտի ունենան տեղեկութիւններ ու խրատներ ստանալու զանազան ասպարէզներու մասնագէտներէ եւ համալսարաններու ներկայացուցիչներէ՝ աշխատանքի կամ համալսարան դիմելու դիմումնագիրներ ամբողջացնելու, նիւթական օժանդակութիւններ ստանալու կամ վարժողական ծրագիրներու մասնակցելու կապակցութեամբ:
Փառատօնին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Ներկայացուցիչներու տան մօտ շրջանը ներկայացնող քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, իսկ խորհրդատուական սպասարկութիւն պիտի տրամադրեն Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի, Պըրքլիի, Ըրվայնի մասնաճիւղերուն, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի ու «Օքսիտենթըլ» համալսարանի Հայ ուսանողական միութեանց ներկայացուցիչները:
Պըրպենքի ոստիկանութիւնը եւս յատուկ աշխատանիստ մը կազմակերպած է աշխատանքի կարելիութեանց մասին, իսկ համալսարաններ դիմելու մասին աշխատանիստ մը պիտի վարէ «Polytechnic College»էն Մարիա Քուփչայեանը:
ՀԵԴն ու ՀՕՄը եւս ներկայացուցիչներ պիտի ունենան փառատօնին՝ տեղեկութիւններ փոխանցելու համար համայնքային սպասարկութեան մասնակցելու կարելիութեանց մասին:
Խորհրդատուական փառատօնին մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել media@burbankanc.org կամ college@all-asa.org հասցէներուն: