ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Իրան ամերիկացի ղեկավարներուն ուղղուած նամակի մը մէջ Միացեալ Նահանգներէն պահանջած է ներում հայցել, Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը ահաբեկելու հարցով Թեհրանը ամբաստանելուն համար: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմենփարասթ նշեց, որ Իրան այդ նամակին մէջ բողոքած է ամերիկացիներուն անհիմն ամբաստանութեան դէմ: Ան յայտնեց, որ իրանեան նամակը պատասխան մըն է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի յղուած նամակին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.