
ԿՈՎՍԱԿԱՆ, «Երկիր».- Ղարաբաղի Կովսական քաղաքին մէջ, ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէյեանի անուան դպրոցի շրջափակը տեղադրուած է Թաթուլի կիսանդրին:
Դպրոցը հերոսին անունով անուանակոչուած էր 2000ին, իսկ կիսանդրիի բացումը Թաթուլի մարտական ընկերներուն երազանքն էր:
Նշենք, որ ազատագրուած նշեալ տարածքին եւ իր անունը կրող դպրոցին մէջ հերոսին արձանը տեղադրելու որոշումը առած էին անոր մարտական ընկերները, որոնց մտերմութեան շղթան խախտուած էր 30 Ապրիլ 1990ին, երբ Թաթուլը քաջի մահով ինկաւ «Օղակ» գործողութեան ժամանակ: Այդ օրն իսկ, անոր բոլոր ընկերները ուխտեցին իրենց զաւակները Թաթուլ անունով կոչել: Կրպէյեան ընտանիքի անդամները Կովսականի դպրոցին իբրեւ նուէր յանձնեցին գիրքեր, ներառեալ՝ Թաթուլի բանաստեղծութիւններու ժողովածոն: