ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի ամառնային մէկ շաբաթեայ ճամբարներուն յաջողութենէն ոգեւորուած՝ որոշուած է անոնց հիման վրայ աւելի կարճատեւ ճամբար մը կազմակերպել նաեւ յառաջիկայ ձմրան:
Ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 13-16, 2012ին. անոր կրնան մասնակցիլ 14էն 17 տարեկան պատանիներ:
Այս տարուան ամառնային 7 ճամբարներուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին աւելի քան 900 բանակողներ եւ խորհրդատուներ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ ճամբարի դիմումնագիրներուն համար, այցելել www.ayfcamp.org կայքը: