ՓԱՐԻԶ.- 2 Հոկտեմբերին, հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ օծման 107րդ տարեդարձը:
Պատարագը մատուցեց Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան, որ քարոզի ընթացքին խօսեցաւ բարերարութեան խորհուրդին մասին՝ վեր առնելով մեր եկեղեցւոյ, մշակոյթի, դպրոցներու եւ ընդհանրապէս ազգային կեանքին մէջ բարերարութեան առաքինութիւնը:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ աւանդական սիրոյ սեղանը՝ կազմակերպութեամբ տիկնանց յանձնախումբին եւ Փարիզի ծխատէր հոգեւոր հովիւ Պարթեւ աբղ. Բարսեղեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պարթեւ աղբ. Բարսեղեան եւ տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Մարկօ Գոգորեան: Նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առին Ալեքսանդր Մանթաշով, Ծխական խորհուրդի ատենապետուհի Թամարա Քոչարեան, Գեղամ Թորոսեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Փաթրիս Ճոլոլեան, Պարթեւ աբղ. Բարսեղեան եւ Աւետիս Ա. քհնյ. Պալըգեան: Ապա խօսք առաւ սրբազան հայրը, որ ներկայացուց Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատմական հոլովոյթը՝ զայն կապելով ներկային հետ: Ան խօսեցաւ գաղութի դիմագրաւած հարցերուն մասին եւ յորդորեց ներկաները հաւաքաբար պայքարելու մեր հաւատքի եւ ինքնութեան դէմ ցցուած դժուարութիւններուն դէմ: