
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 1ին, Եունիվըրսըլ Սիթիի «Կիպսըն» համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ֆլորա Մարտիրոսեանի հիմնած «Artists4Peace» կազմակերպութեան համերգը, որուն պիտի մասնակցին Սթիվի Ուանտըր, Չաքա Քան, Արթօ Թունչպոյաճեան, Ֆլորա Մարտիրոսեան, Ալեքսիա Վասիլիու եւ շարք մը այլ արուեստագէտներ:
Աշխարհի տարածքին շարունակուող անարդարութիւնները եւ խտրականութիւնները լուսարձակի տակ առնելու նպատակով կազմակերպուած սոյն ձեռնակին հասոյթը պիտի տրամադրուի զանազան մարդասիրական կազմակերպութեանց, ներառեալ՝ Հայաստանի մէջ արեան քաղցկեղէ տառապող երեխաներու օժանդակութեան հիմնարկին եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու համար աշխատանք տանողներուն:
Տոմսերը կը սկսին 40 տոլարէն: Տոմս ապահովելու համար, այցելել www.Artists4Peace.org կայքէջը: