
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Աթանեան արուեստի կեդրոնի աշակերտներու ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը՝ «Ես սիրում եմ Հայաստանը» նիւթով, նուիրուած Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան քսանամեակին, տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21ին, երեկոյեան ժամի 7ին, Հայց. առաքելական եկեղեցիի «Զօրեան» թանգարանին մէջ (3325 North Glenoaks Blvd., Burbank CA 91504), հովանաւորութեամբ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի:
Ներկայ պիտի ըլլան Աթանեան արուեստի կեդրոնի ուսանողները:
Տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն, գեղանկարչական ստեղծագործութիւններու եւ նկարչական գիրքերու վաճառք: