ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հոկտեմբեր 18ին ընդունած է Սպառազինութիւններու վերահսկման, հաւաստագրման եւ համապատասխանութեան հարցերով ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ռոուզ Կոթեմէոլեր:
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստան կը շարունակէ Եւրոպայի մէջ սովորական զինուած ուժերու (ԵՍԶՈՒ) պայմանագիրը դիտել իբրեւ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հիմնասիւներէն մէկը, եւ հաւատարիմ է պայմանագիրի նպատակներուն ու ոգիին:
Ան, միեւնոյն ժամանակ, կարեւոր համարած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ սպառազինութիւններու վերահսկման ոլորտին մէջ յիշեալ փաստաթուղթով սահմանուած պարտաւորութիւններուն կատարումը, որուն խախտումը արդէն իսկ լուրջ վտանգ դարձած է ամբողջ տարածաշրջանին համար:
Նախապէս Ռոուզ Կոթեմէոլեր ընդունած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը, որ Կոթեմէոլերի ուշադրութիւնը հրաւիրած էր «Ատրպէյճանի կողմէ տարիներ շարունակ պայմանագիրով նախատեսուած պարտաւորութիւններու բացայայտ խախտման եւ պարբերաբար հնչող ուժի կիրառման սպառնալիքներուն վրայ»: