
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որ երկար տարիներէ ի վեր լքուած եւ ժամանակի աւերին դիմաց փլատակ վիճակ կը պարզէր, ներկայիս իր նախկին փառաւոր տեսքով հիմնական նորոգութեան ենթարկուած է եւ այս շաբաթ կը վերաբանայ իր դռները հայ ժողովուրդի պաշտամունքին առջեւ։
Շինարարները յայտնած են, որ եկեղեցին այնքան ամուր ձեւով վերանորոգուած է որ կրնայ 40 տարի կանգուն մնալ, առանց նորոգութեան կարիքի։
Պոլիսէն եւ արտասահմանէն բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ բազմաթիւ հայեր, մասնաւորաբար տիգրանակերտցիներ, մասնակցութիւն պիտի բերեն եկեղեցւոյ օծման եւ Ս. պատարագի արարողութիւններուն։
Արարողութիւններուն մասնակցող բարձրաստիճան հոգեւորականներուն շարքին են՝ Պոլիսէն՝ բնիկ տիգրանակերտցի Արամ արք. Աթէշեան, Սահակ եպս. Մաշալեան, Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան, Զաքէոս Ծ. վրդ. Օհանեան, իսկ արտասահմանէն՝ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան, Ամերիկայի եկեղեցեաց նախագահ Վիգէն արք. Այքազեան, Հալէպի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Աւստրալիոյ առաջնորդ հայր Հայկազուն Նաճառեան, ինչպէս նաեւ քահանայ հայրեր եւ մօտաւորապէս 16-25 սարկաւագներ։
Արարողութիւններուն մասնակցութիւն պիտի բերեն Եւրոմիութեան աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշի ներկայացուցիչը, Շիշլիի քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ եւ փոխքաղաքապետ Վազգէն Պարըն, յունաց պատրիարքի ներկայացուցիչը եւ քոյր եկեղեցիներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։
Նախատեսուած է, որ աւելի քան 1000 հոգի ներկայութիւն բերէ արարողութիւններուն: Արտասահմանէն պիտի ժամանեն նաեւ բազմաթիւ բարերարներ, որոնց կարգին՝ Ճիղէրճեան, Չէմպէրճեան եւ ուրիշներ։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22ին, եկեղեցւոյ օծումը պիտի կատարուի ժամը 4:30ին։ Հինգ եպիսկոպոսներ խորանին վրայ պիտի օծեն եկեղեցւոյ հինգ խորանները։
Հոկտեմբեր 23ին, եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. պատարագ՝ ձեռամբ Արամ արք. Աթէշեանի։ Երգեցողութիւնները պիտի կատարուին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ երգչախումբի 40 անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի ու երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։
Եկեղեցական արարողութիւններու զուգահեռ, Անատոլուի մշակութային հիմնարկին նախաձեռնութեամբ պիտի իրականացուին մշակութային ձեռնարկներ, որոնց շարքին՝ Պոլիսէն տիգրանակերտցի երգիչ Պետրի Այսելի, Լոս Անճելըսէն ուտի Երուանդ ու Հայաստանէն Գուրգէն Տապաղեան համերգներ պիտի հրամցնեն։ Նաեւ, տեղացի թուրքեր նկարչական ցուցահանդէսներ կազմակերպած են։
Հոկտեմբեր 24ին նախատեսուած է տիգրանակերտցիներու հաւաքական մկրտութիւն կատարել, եթէ պայմանները թոյլատու ըլլան։
Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան ստանձնած է արարողութիւններու կազմակերպչական աշխատանքը: