
ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր».- Հալիձորէն Տաթեւի վանք երկարող «Տաթեւեր» ճոպանուղին մէկ տարեկան է: 23 Հոկտեմբեր 2010էն մինչեւ օրս ճոպանուղին սպասարկած է մօտ 70.000 ուղեւորներ, որոնց աւելի քան 10%ը յարակից գիւղերու բնակիչներ են: Տեղացիք ճոպանուղին կը գործածեն անվճար: Անցեալ տարուան ընթացքին ճոպանուղիի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը յատկապէս մեծ եղած է տօնական եւ հանգստեան օրերուն, որոնց ընթացքին ճոպանուղին սպասարկած է օրական 700- 800 ուղեւոր:
Ճոպանուղիի գործարկման ամբողջ ընթացքին իրականացուած է ամէնօրեայ մանրակրկիտ ճարտարագիտական սպասարկում՝ անձնակազմի եւ ճոպանուղին կառուցած զուիցերիացի մասնագէտներու կողմէ: