
ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «Նիուզ».- Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է «Հոգեւոր ընթերցումներ» շարքի 16րդ հատորը՝ Շնորհք պատրիարքի «Մեծ Պահքի Կիրակիներու Ոսկէ Շղթան. Գունագեղ Կիրակիներ Եւ Հոգեգալուստ» աշխատութիւնը:
Հատորը կ՛ընդգրկէ Կ. Պոլսոյ պատրիարք երջանկայիշատակ Շնորհք արք. Գալուստեանի տօնախօսական երկու՝ «Մեծ Պահքի Կիրակիներու Ոսկէ Շղթան» եւ «Գունագեղ Կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ» գիրքերը:
Աշխատութեան մէջ Շնորհք արքեպիսկոպոս Գալուստեան կ՛անդրադառնայ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Մեծ պահքի եւ Հինանց շրջանի Կիրակիներու խորհուրդին: Հեղինակը կը բացատրէ իւրաքանչիւր Կիրակիի խորհուրդը՝ բոլոր Կիրակիները դիտելով մէկ ամբողջութեան մէջ:
Գիրքը տպագրուած է Մայր աթոռի բարերար Սարգիս Պետոյեանի մեկենասութեամբ: