Ֆրեզնոյի հայութիւնը ամերիկեան այս ափերու ամէնէն հին գաղութն է. անոր դարաւոր կեանքը եղած է արտայայտութիւն՝ հայկական մեր աւանդներուն ու քրիստոնէական մեր հաւատքին, Անթիլիասի կաթողիկոսութեան կապուածութիւն եւ հաւատարմութիւն՝ արժանի բարձր գնահատանքի. այս կապը այսօր ու վաղը պիտի մնայ ամուր. այսպէս յայտարարեց Արամ Ա. կաթողիկոս, Ֆրեզնոյի մէջ, Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ ծխական համայնքին կողմէ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ճաշկերոյթին ընթացքին, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8ի երեկոյեան։
Վեհափառը անձնական օդանաւով մը (տրամադրուած՝ ֆրեզնոյաբնակ Փառնաքեան ընտանիքին կողմէ) Շաբաթ յետմիջօրէին հասաւ Ֆրեզնօ ու դիմաւորուեցաւ ծխական համայնքի ժողովականութեան ու հաւատացեալ զաւակներուն կողմէ։ Անոր կ՛ընկերանային Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, գաւազանակիր Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան ու թեմի Ազգ. վարչութեան անդամներ։
Վեհափառն ու ընկերակից թափօրը եկեղեցի մուտք գործեցին «Հրաշափառ»ով։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք, վեհափառն ու շքախումբը անցան եկեղեցւոյ սրահը, ուր տեղի ունեցաւ ի պատիւ վեհափառին ճաշկերոյթ-ընդունելութիւն։ Ներկաներուն տրամադրութեան տակ դրուեցան կաթողիկոսին նորագոյն գիրքէն օրինակներ: «Taking the Church to the People» հատորը, որ անցեալ շաբաթավերջին հրատարակուեցաւ նաեւ Ազգ. առաջնորդարանին կողմէ, մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ։ Մարք սրկ. Շիրին հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ հատորին բովանդակութեան մասին։
Առաջնորդը հակիրճ կերպով ներկայացուց վեհափառը, նշելով, որ այժմու հովուապետական այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ «Հաւատքով կը կերտենք» ընդհանուր նշանաբանով։ Ան յիշեցուց, որ վեհափառը 2011 տարին ձօնած է Հայ Մանուկին, ապա հրաւիրեց կաթողիկոսը, որ փոխանցէ իր պատգամը։
Վեհափառը առաջին հերթին կանգ առաւ Ֆրեզնոյի հայ գաղութի պատմական դերին, հայկական աւանդներուն ու մեր եկեղեցւոյ կապուածութեան վրայ, ապա, իր պատգամը ուղղեց՝ վեր առնելով երեք բառեր՝ Համայնք, Արժէք եւ Ինքնութիւն։ Մանրամասնելով՝ ան նշեց, որ համայնքային պատկանելիութիւնը ինքնին արժէք է, որ իմաստ ու բովանդակութիւն կը ստանայ մասնակցութեան գաղափարով։ Համայնքը չի կրնար գոյութիւն ու արժէք ունենալ, եթէ անոր զաւակները մասնակից չըլլան անոր կեանքին, գործին ու իրագործումներուն։ Ան նաեւ վեր առաւ քրիստոնէական, մարդկային ու ազգային արժէքները, որոնք կը լիցքաւորեն համայնքի զաւակներուն կեանքը՝ անհատական ու հաւաքական մակարդակներու վրայ։ Վերջապէս, ան ընդգծեց ինքնութեան, հայկակա՛ն ինքնութեան կարեւորութիւնն ու զայն անարատ պահելու, սերունդէ սերունդ փոխանցելու հրամայականը։
Գեղարուեստական յայտագիրը ունէր ասմունքի ու պարային պատկերներու բաժին։
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ՝ ՖՐԵԶՆՈՅԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷæ
Ֆրեզնոյի հայութեան ու յատկապէս Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ ծխական համայնքի պատմութեան մէջ, Կիրակի, Հոկտեմբեր 9ը պիտի արձանագրուի իբրեւ պատմական ու յիշատակելի թուական։ Արդարեւ, Քալիֆորնիոյ ամէնէն վաղեմի հայ գաղութին իր շնորհած այցելութեան առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական Ս. պատարագ մատուցեց դարաւոր եկեղեցւոյ մէջ եւ հաւատացեալներուն ուղղեց պատգամ մը՝ վեր առնելով հաւատքի, հետեւելու ու յանձնառութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ կեանքին մասնակից ըլլալու անհրաժեշտութիւնը։ Աղօթակից էին Արեւմտեան ու Արեւելեան թեմի առաջնորդները, գաւազանակիր հայր սուրբը, իսկ ներկայ հաւատացեալներուն շարքին էին Ազգ. կեդրոնական վարչութեան, թեմի ժողովականութեան անդամներն ու հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։
Խօսելով հաւատքի կարեւորութեան ու արժէքին մասին՝ վեհափառը շեշտեց, որ քրիստոնեային համար հաւատքի աղբիւրը նոյնինքն Քրիստոսն է, եւ ոչ թէ տեսական գաղափարներն ու տարբեր մեկնաբանութիւնները։ Հաւատք ունենալը քրիստոնեայ մարդուն համար խաղաղ ու արդիւնաւոր կեանքի նախադրեալ է, սակայն պէտք է գիտնալ, որ սոսկ հաւատք ունենալը, Աւետարան ընթերցելը բաւարար չեն, այլ պէտք է կիրարկե՛լ հաւատքը, իրական կեանքի մէջ գործնապէս ապրի՛լ զայն, Աւետարանին արժէքն ու սկզբունքները թարգմանել ու կիրարկել մեր կեանքին մէջ։ Վեհափառը նաեւ ընդգծեց, որ քրիստոնէական կեանքի կիրարկում կը նշանակէ՝ մաս կազմել եկեղեցւոյ, որովհետեւ եկեղեցին կ՛իմաստաւորուի հաւատացեալներով, եկեղեցւոյ կեանքին իր զաւակներուն մասնակցութեամբ։ «Եկեղեցիէն դուրս քրիստոնէութիւն չկայ, եկեղեցիէն դուրս քրիստոնէութիւն փնտռելը հերետիկոսութեան համազօր է», շեշտեց վեհափառը, ու յորդոր ուղղեց բոլորին, որ իրենց հաւատքն ու յանձնառութիւնը մարմնաւորեն եկեղեցւոյ կեանքին մասնակցութեամբ։
Նշենք, որ եկեղեցւոյ մուտքին ու Ս. պատարագի ընթացքին, ՀՄԸՄի սկաուտները պատուի կանգնած էին։
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Ս. պատարագին ներկայ էին Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ կողքին գործող Կիրակնօրեայի աշակերտները, որոնք մասնակցութիւն բերին Ողջոյնի շարականի երգեցողութեան։ Յաւարտ Ս. պատարագի, վեհափառն ու շքախումբը այցելութիւն մը տուին կիրակնօրեայ դպրոց ու մտերմիկ պահ մը բոլորեցին աշակերտներուն ու դաստիարակներուն հետ։
Երկու աշակերտներ ողջոյնի խօսք ուղղեցին վեհափառին ու ընկերակիցներուն։
Վեհափառը բարձր գնահատեց այս ուսումնարանն ու անոր ծառայողները՝ վեր առնելով հինաւուրց այս գաղութին մէջ հայ դպրոցին դերն ու կարեւորութիւնը։ Ան զրոյց ունեցաւ աշակերտներու հետ եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն, յորդորեց աշակերտները, որպէսզի հաւատարիմ մնան մեր եկեղեցական ու ազգային աւանդներուն, եւ անոնցմէ խոստում ստացաւ, թէ պահապան պիտի ըլլան մեր ժառանգութեանց, իրենց կեանքերը պիտի հարստացնեն քրիստոնական ու հայկական արժէքներով։
Ս. ԹԵՀԼԻՐԵԱՆԻ, Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՈՒ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒ ՇԻՐԻՄՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
«Մեր այստեղ ներկայութիւնը գործնական յիշեցում է, թէ պիտի շարունակենք մեր պայքարը՝ ի խնդիր մեր արդար իրաւուքներուն իրականացման։ Արդարութիւնը աստուածատուր պարգեւ է ու իրաւունք, կը սպասենք, որ արդարատենջ մարդկութիւնը կանգնի մեր արդար իրաւունքներուն կողքին ու անոնց կենսագործման», յայտարարեց Արամ Ա. կաթողիկոս, Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10ի առաւօտուն, Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ, ուր յարգանք կը մատուցէր մեր ժողովուրդին ու Ֆրեզնոյի նուիրեալ հոգեւորականներու ու ազգայիններու յիշատակին։
Վեհափան ու իր շքախումբը «Արարատ» գերեզմանատուն հասան ժամը 10ին եւ դիմաւորուեցան գերեզմանատան վարչութեան անդամներուն կողմէ։ Անոնք այցելեցին Ցեղասպանութեան անծանօթ նահատակի մը (որուն աճիւնները ամփոփուած են յատուկ դամբանի մը մէջ), Սողոմոն Թեհլիրեանի, Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեանի, Ուիլեըմ Սարոյեանի եւ եկեղեցական ու ազգային ծառայութիւն մատուցած ննջեցեալներու շիրիմները՝ խունկ ու աղօթքով խոնարհելով անոնց յիշատակին ու պատգամներուն առջեւ։ Ազգային հերոս Ս. Թեհլիրեանի յուշարձանին առջեւ խօսք առնելով՝ վեհափառը մեր ժողովուրդին անունով վերահաստատեց մեր իրաւուքներուն կենսագործման համար պայքարի յանձնառութիւնը, շեշտելով, որ ան, որ արդարութիւնը կը խլէ, մեղանչում կը կատարէ։ «Սողոմոն Թեհլիրեանը միայն ազգային հերոս չէ, այլ նաեւ արդարութեան ու մեր պահանջատիրութեան խորհրդանիշն է», շեշտեց վեհափառ հայրապետը։
Գերեզմանատուն այցելութենէն ետք, վեհափառն ու ընկերակիցները այցելութիւն մը տուին նաեւ Ֆրեզնոյի Համագաղութային վարժարանը, ուր մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան դաստիարակներուն եւ աշակերտներուն հետ։ Վարժարանի մուտքին, ՀՄԸՄի սկաուտները պատուի կանգնած էին, իսկ դպրոցի նուագախումբը ողջունեց հնչեղ երաժշտութեամբ։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին վարժարանի խնամակալ մարմինի ատենապետ Վաչէ Վասիլեան եւ տնօրէնուհի Զարուհի Տէր Մկրտիչեան։ Աշակերտները պատրաստած էին արտասանութիւններէ եւ երգերէ կազմուած գեղարուեստական յայտագիր մը։
Խօսք առնելով՝ վեհափառը գոհունակութիւն յայտնեց այս վարժարանի յարկին տակ տարուող հայեցի կրթութեան ու արձանագրուած արդիւնքներուն մասին: Ան բարձր գնահատեց վարժարանին մէջ տիրապետող հայեցի մթնոլորտն ու ոգին, ու յորդորեց հաստատ պահել այս ընթացքը։
Աւարտին, վեհափառը առիթ տուաւ հարցումներու, որոնց պատասխանեց հայրական հոգածութեամբ։