ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Քաղաքակրթեալ այս դարաշրջանին, երբ ամբողջ աշխարհ կրթութեան կամ դաստիարակութեան, եւ յատկապէս բարձրագոյն ուսման այնքան կարեւորութիւն կ՛ընծայէ, երբ հետզհետէ գործի ասպարէզները ուսումով մասնագիտացած անձերու կը վստահուին, երբեմն մէկդի դնելով նոյնիսկ փորձառական հարուստ անցեալ ունեցող նախկին վարպետները, մարդկութեան դիմաց կը դրուի ուսման անհրաժեշտութիւնը:
Լսուած խօսք է, թէ ուսումը վերջակէտ չունի: Ասիկա բազմաթիւ առիթներով ճշմարտուած երեւոյթ է, որուն ականատես դարձած ենք յաճախ: Միջազգային լրատուական գործակալութիւններ յաճախ ուրախութեամբ կÿանդրադառնան այնպիսի շրջանաւարտներու, որոնք իրենց յառաջացած տարիքին իսկ համալսարանէ կը վկայուին: Մինչեւ իսկ 90 ամեայ ծերունիի մասին անդրադարձ եղաւ ատենին, երբ ան իր տարիներու երազը իրականութիւն դարձուցած, կը վկայուէր իր նախընտրած մասնագիտութեան վկայականը ձեռքին:
Կեանքին դպրոց ըլլալը ինքնին, ուսման վերջակէտ չունենալուն վկայութիւն է: Այսպէս թէ այնպէս, ուսումը՝ սորվելու ձգտումը, վերջ չի՛ գտներ մարդու ներքին էութեան մէջ: Սովորական պտոյտն իսկ ճամբու եզրին, անպայման սորվեցնելիք դաս ունի մարդուն: Ճեմելու եւ աջ ու ձախ դիտելն իսկ դասարան ու դպրոց է: Դիտելը ինքնին, ուսանելու միջոց է, երբ աչքերու բիբին մէջ գծանկարուող ամէն պատկեր, իբրեւ նորութիւն կ՛արձանագրուի ուղեղի մազերակներուն մէջ:
Ուսումնական բարձրագոյն հիմնարկներ, աշխարհի ամէնէն նշանաւոր քաղաքներուն մէջ, վաստակաւոր դասախօսներ ունենալու համար հսկայ գումարներ կը յատնակցնեն, ո՛չ անպայման անոնց համբաւը շահագործելու, այլ՝ անոնց տքնաջան աշխատանքով կուտակուած գիտութիւնը ջամբելու իրենց ուսանողութեան: Այդ ուսանողութեան արձանագրելիք հետագայ յաջողութիւնները ո՛չ այնքան պատիւ պիտի բերեն անհատ դասախօսին, որքան տուեալ ուսումնական հիմնարկին՝ այն համալսարանին, ուրկէ շրջանաւարտ կ՛ըլլայ այս կամ այն մասնագիտութիւնը ձեռք ձգած ուսանողը:
Ուսման առաւելութիւններուն մասին խօսիլ, յատկապէս ներկայ քաղաքակիրթ դարուն, թերեւս աւելորդ թուի: Միջին՝ բարեկեցիկ դասակարգի պատկանող, եւ անկէ վեր եղող ծնողներուն մէջ դժուար կարելի է գտնել անձեր, որոնք չուզեն իրենց զաւակներուն բարձրագոյն ուսում ապահովել: Հարուստին չափ, գուցէ աւելի, անոնք նախանձախնդիր կ՛ըլլան իրենց զաւակներուն համալսարանական ուսումով: Տեսնուած է, որ նոյնիսկ այդ միջին խաւի ծնողներուն մէջ կան այնպիսիներ, որոնք կեանքի աւելի համեստ պայմաններու բերումով առիթ չեն ունեցած նոյնիսկ միջնակարգ ուսում իսկ ստանալու: Սակայն, անոնք առանց յուսահատելու, երբեմն ի գին մեծ զոհողութիւններու, համալսարան կ՛ուղարկեն իրենց զաւակները: «Ես չկրցայ ուսանիլ, զաւակս թող ուսանի»ի մտայնութեամբ, մեծ գուհունակութիւն ապրող օրինակելի ծնողներն են ասոնք, եւ արժանի ամէն պատուի ու յարգանքի:
Առանց թերագնահատելու ուսման ամբողջականութիւնը, կարելի է որոշ առաւելութիւններ առանձնացնել անոր մէջ: Անկասկած պէտք է գիտակցիլ ուսման ընձեռած բարիքներուն, տեսնել կարենալու համար այն առաւելութիւնները, որոնք կ՛երեւին ուսանողին վրայ:
Ուսման առաւելութիւնները պէտք է դիտել անոր հակադիր ոյժերուն պատկերներով, կարենալ արժեւորելու համար զանոնք:
Ձանձրոյթը ուսման հակադրուող գլխաւոր երեւոյթն է: Ուսումը կը վանէ ձանձրոյթը: Ուսանողը չի՛ ձանձրանար, որովհետեւ աշխատութիւնն է իր ամէնօրեայ զբաղումը: Իսկ ձանձրոյթը, որ անգործութենէ յառաջ կու գայ, աղբիւրն է ամէն չարիքի: Անոր մէջ ծնունդ կ՛առնեն ամէն տեսակի վատ խորհուրդներ, թշնամութիւն ու նախանձ: Ուսումը առիթ չտար ձանձրոյթի, եւ իր ամէն վայրկեանի նորութիւններով միտքը հարստացնելէ բացի, զբաղ կը պահէ զանիկա:
Երկրորդ՝ ուսումը կը փարատէ տրտմութիւնը: Վերոնշեալ կէտին հետ, այս երկրորդը եւս կու գայ հաստատելու, թէ ուսումը դաստիարակիչ յատկութիւն ունի: Զուր տեղ չէ՛, որ դպրոցական համակարգերուն գործունէութիւնը կը բնորոշուի իբրեւ «կրթական-դաստիարակչական» աշխատանք: Ուրեմն, ուսումը մարդու մտային կրթութեան միջոցներէն մէկը ըլլալուն հետ միատեղ, անոր հոգեկան դաստիարակութեան կրնայ նպաստել: Տարբեր երեւոյթներու դիմաց՝ տարբեր հոգեկան վիճակներու ենթարկուող մարդ էակը, մի՛շտ պէտք ունի բնականոն կեանքին վերադառնալու: Չկայ մարդ որ մնայուն կերպով ուրախ ըլլայ: Նոյնիսկ խենթ կը համարեն այն անձը, որ միշտ կը խնդայ, կամ թռչկոտող երջանկութեամբ կը խայտայ: Տրտմութիւնն ալ միւս ծայրայեղութիւնն է, որմէ դարձեալ պէտք է հեռանայ մարդ որոշ ժամանակ ետք: Այլապէս մնայուն հետք կրնայ թողուլ անիկա իր հոգեկան աշխարհին վրայ: Հոգեբաններու իսկ վկայութեամբ, ամէնէն աւելի սիրելի անձին կորուստը կը դարմանուի երկու տարուան ժամանակամիջոցի մէջ: Ահաւասիկ այլ միջոց՝ ուսումը, որ կրնայ մարդս դուրս բերել իր տխուր հոգեվիճակէն, փարատելով անոր տրտմութիւնը:
Բուժումի յատկութիւն ալ կարելի է տեսնել ուսման մէջ: Մարդս հոգե-ֆիզիքական կառոյցով էակ է: Մինչեւ իսկ անոր զգացած ֆիզիքական ցաւը կարելի է մեղմել ոչ նիւթական միջոցներով: Այսպէս, բժիշկին սրտակցութիւնն ու քաջալերանքը իր հիւանդին, երբեմն դրական ազդեցութիւն կը գործէ, մեղմելով հիւանդը խոցող ցաւը: Նոյնն է ուսումը, որ որոշ ժամանակի համար մոռցնել կու տայ զգացուող ֆիզիքական ցաւը, երբ ուղեղը հետամուտ կ՛ըլլայ պաշար ամբարելու, եւ միտքը կը լուսաւորուի գիտութեան լոյսով:
Ի վերջոյ, խոպան է աշխարհը առանց ուսման: Բարձրագոյն ուսման տիրացած մէկը, մի քանի նախադասութիւն փոխանակելով կարեւոր հիմնարկի պատասխանատուին հետ, եւ անոր բոպիկ ըլլալը զգալով, անմիջապէս փոխեց նիւթը, ու սկսաւ ամէնէն պարզ հարցերը շօշափել անոր հետ: Ուսման լայն հորիզոնը չունէր անոր խօսակիցը, «ճակատը նեղ մարդ էր»: Լայնաճակատ ըլլալը, խորհրդանիշ է նաեւ ուսումնական զարգացում ունեցող մարդու: Աշխարհի լերկ մակերեսին ծաղիկներ ցանող պարտիզպանն է ուսումը, որոնց զգլխիչ բոյրով կը յագենայ մարդկութիւնը:
Տգիտութեան դարաշրջանը փակուեցաւ, երբ համայն մարդկութիւնը փուլ բերաւ Բաբելոնի աշտարակը: Անոր աւերակներուն տակ մնալու դատապարտուեցան «զիրար չհասկնալ»ու եւ «իրարու հակադրուել»ու երեւոյթները: Անոր աւերակները ծածկեցին տարբեր լեզուները, իսկ այսօր համայն մարդկութեան իրարհասկացողութեան լեզուն՝ ուսումն է ու կրթութիւնը:
Դիտեցէք մարդոց կեանքը: Հո՛ն ուրկէ կը բացակային ուսումն ու կրթութիւնը, այնտեղ կը տիրէ տգիտութեան խաւարն ու վտանգալից մառախուղը: Մարդկութեան փոխ-յարաբերական կեանքի մեծագոյն դժուարութիւնները կը պատճառուին տգիտութենէն, իսկ անկէ բուժուելու խտացեալ դեղորայքը՝ ուսումն է ու կրթութիւնը: