
ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային իշխանութեանց կողմէ որդեգրուած առողջապահական խնամքի նորագոյն օրէնքերը՝ Իկըլ Ռաքի մէջ գտնուող «Արարատ Տուն»ը պիտի փակուի, իսկ անոր գործունէութիւնը պիտի փոխադրուի Միշըն Հիլզի «Արարատ տան» համալիր: Այս նպատակով որոշուած է կառուցել նոր մասնաշէնք մը:
Շինարարական յանձնախումբին համա-ատենապետներն են Նազար Աշճեան («Արարատ տան» հոգաբարձութեան ատենապետ) եւ իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեան (հոգաբարձութեան անդամ):
10 միլիոն տոլարի ամավարկ մը ունեցող սոյն ծրագիրին շնորհիւ, Միշըն Հիլզի «Արարատ տուն»ը յաւելեալ 58 հիւանդներ խնամելու կարողութիւն պիտի ունենայ: Այս նպատակով կազմուած է նաեւ հանգանակային յանձնախումբ մը: Շատ հաւանական է, որ շինարարական եւ հիւանդանոցի աշխատանքային արտօնագիրը ապահովելու գործընթացը աւարտի 2012ի վերջաւորութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր շէնքին բացումը կատարել 2013ի Յունուարին: