ԵՐԵՒԱՆ.- Ջաւախքահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ Վահագն Չախալեան, որ վրացական իշխանութիւններու կողմէ դատապարտուած է տասը տարուան ազատազրկման եւ ներկայիս կը պահուի Վրաստանի «Ռուսթաւի 6» բանտին մէջ, «Երկիր» միութեան տեղեկացուցած է, թէ Հոկտեմբեր 5ին սկսած է անժամկէտ հացադուլի:
«Վահագն Չախալեան դիմած է հացադուլի՝ ի նշան բողոքի՝ իրեն նկատմամբ սահմանուած անմարդկային եւ արժանապատուութիւնը նուաստացնող բանտային պայմաններուն դէմ: Ան կը պահանջէ դադրեցնել անօրինական ճնշումները եւ բարելաւել բանտային պայմանները: Վահագն Չախալեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ հակառակ իր պահանջներուն, բանտի պատասխանատուները կը մերժեն արձանագրել հացադուլի փաստը», կը նշէ «Երկիր» միութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 14ին, Վահագն Չախալեանի փաստաբան Ստեփան Ոսկանեան տարածած էր յայտարարութիւն մը, ուր կը նշուէր, թէ վերջին շրջանին վրացական իշխանութիւնները խստացուցած են ջաւախքահայ գործիչին նկատմամբ բանտային ճնշումները: