ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ընդառաջելով Արամ Ա. հայրապետի փափաքին, Լիբանանէն ազգային մը սիրով ստանձնեց բարերարութիւնը Պիքֆայայի վանքին մէջ կառուցուելիք միաբանական նոր շէնքին:
Շէնքը պիտի կառուցուի եկեղեցւոյ անմիջական կողքին. անիկա պիտի բաղկանայ երեք յարկերէ եւ երեսուներեք սենեակներէ: Անոր կառուցումը պիտի արժէ շուրջ մէկ միլիոն տոլար: Շինութեան աշխատանքները շուտով պիտի սկսին Կաթողիկոսարանի կալուածոց յանձնախումբին հսկողութեամբ: