ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 5ին մեկնած է Պրիւքսէլ, մասնակցելու համար Աֆղանիստանի մէջ Անվտանգութեան աջակցութեան միջազգային ուժերու գործողութիւններուն մասնակցող պետութիւններու ձեւաչափով՝ այսօր կայանալիք ՆԱԹՕի անդամ եւ գործընկեր երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու նիստին:
Նիստի ընթացքին պիտի քննարկուին Աֆղանիստանի մէջ տիրող իրավիճակը, յետագայ ռազմավարութիւնը եւ իրականացուող գործողութիւններուն վերաբերող այլ հարցեր:
Նոյն օրը պաշտպանութեան նախարարը պիտի մասնակցի նաեւ Աֆղանիստանի միջազգային անվտանգութեան ուժերուն մէջ Գերմանիոյ հրամանատարութեան տակ գործող եւ ուժեր տրամադրող երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ոչ-պաշտօնական հանդիպման, որուն ընթացքին պիտի հրապարակուի համատեղ հաղորդագրութիւն:
Այցի ծիրէն ներս նախատեսուած են նաեւ Սէյրան Օհանեանի հանդիպումները Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմզ Ափաթուրէյի, Եւրոպայի մէջ դաշնակցային ուժերու գերագոյն հրամանատար Ճէյմզ Սթավրիտիսի եւ գործընկեր պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու հետ: