ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ժառանգութիւն կուսակցութեան հիմնադիր Րաֆֆի Յովհաննիսեան Հոկտեմբեր 5ին, այցելած է Ազատութեան հրապարակ եւ զրուցած Հայաստանի առաջին նախագահ, Հայ Ազգային Կոնգրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հետ: Այս մասին յայտնեց Հայ Ազգային Կոնգրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Վլադիմիր Կարապետեան, ըստ որուն, առայժմ յայտնի չէ, թէ ի՛նչ զրուցած են երկու ղեկավարները:
Յիշեցնենք, որ նոյն օրը, Ազատութեան հրապարակ այցելած է նաեւ «Սարդարապատ» շարժումի նախաձեռնող խումբի անդամ Ժիրայր Սեֆիլեանը, որ յայտարարած է, թէ հարթակ պիտի չբարձրանայ, այլ պիտի մնայ ժողովուրդին հետ: