Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

դ. Ոտքի սնկային բորբոքում (athlet’s foot)
Այս սնկային բորբբքումը կը տեսնուի մասնաւրաբար ոտքի մատներուն միջեւ:
Ան կը պատահի առաւելաբար անոնց մօտ, որոնք նեղ կօշիկներ եւ ոչ-առողջապահական գուլպաներ կը գործածեն ու խոնաւ կը պահեն ոտքի մատները: Ոտքի սնկախտը կը յատկանշուի քերուըտուքով եւ մորթի հիւծումով: Ան կանխարգիլելի է պարզապէս հանգստաւէտ կօշիկներ եւ առողջապահական գուլպաներ գործածելով: Անոր դարմանումը կ՛ըլլայ դարձեալ հակասնկային դեղերով:
ԺԱ. Մորթային Ուռեցքներ
Մորթի ուռեցքները կը յայտնուին իբրեւ՝
Լաւորակ (benign) ուռեցքներ
Վատորակ (malignant) ուռեցքներ
ա. Մորթի լաւորակ ուռեցքներէն են հետեւեալները.
1. Keloids
Այս ուռեցքները մորթին վրայ նոր աճած բարձրութիւններ են, որոնք կը յառաջանան յաճախ վիրաբուժական գործողութիւններէ ետք մորթի սպիացած տեղը: Անոնք ընդհանրապէս որեւէ ախտանշան չեն ունենար, սակայն կրնան ծաւալիլ, տհաճ տեսք ունենալ ու գեղագիտական հարցեր ստեղծել: Այս ուռեցքները կը դարմանուին վիրաբուժական հատումով:
2. Ճարպուռ-ճարպային ուռեցք (lipoma)
Ճարպուռը կը յառաջանայ մորթի ենթախաւին մէջ գտնուած ճարպային բջիջներէն: Անիկա կը պատահի մարմինի մակերեսին որեւէ մէկ բաժինի մէջ, զանազան չափերով եւ ձեւերով: Անոր միակ ախտանշանը անբնական տեսքն է: Ճարպուռը կը դարմանուի ամբողջական հատումով:
3. Պիսակ կամ ելունդ (mole) եւ բնածին բիծ-խալ (nevus)
Այս ուռեցքները մորթի մակերեսային բնածին գունաւորումներ են, որոնք կը յայտնուին որպէս գունաւոր կարմիր կամ սեւ փշտիկներ, կամ մորթի տափակ ու գերգունաւորուած տարածութիւններ: Անոնք կը պատահին մարմինի մակերեսին զանազան բաժիններու վրայ, առանց որեւէ ախտանշանի, սակայն անոնք կը ստեղծեն գեղագիտական հարցեր: Այս լաւորակ ուռեցքները հազուադէպօրէն կը վերափոխուին վատորակ ուռեցքներու:
Պիսակները եւ խալերը մեծ հաւանականութիւն ունին վերափոխուելու վատորակ ուռեցքներու, եթէ անոնք ցուցաբերեն հետեւեալ յատկութիւնները. կազմուածքի, մակերեսի, չափի եւ գոյնի փոփոխութիւն, քերուըտուք, ցաւ, խոց (ulcer) եւ արիւնահոսութիւն: Պիսակի եւ խալի դարմանումը կ՛ըլլայ վիրահատումով: Սակայն նախ քան հատումը, վիրաբոյժը հետազօտական պզտիկ կտորիկ մը կը վերցնէ ուռեցքէն (biopsy for diagnosis), գիտնալու համար անոր լաւորակ կամ վատորակ ըլլալը:
4. Մորթակտորիկ (skin tag)
Անիկա ընդհանրապէս ընդոծին է եւ կը տեսնուի մարմինի մակերեսին որեւէ մէկ բաժինին վրայ: Մորթակտորիկը որեւէ անպատեհութիւն չի յառաջացներ՝ բացի տեսքէն: Անիկա կը դարմանուի վիրահատումով:
բ. Մորթի վատորակ ուռեցք-խլիրդ (cancer)
Մորթի խլիրդին ախտապատճառը հիմնականօրէն արեւու ճառագայթներուն երկարատեւ ենթարկուիլն է: Անոնք, որոնք աշխատանքի պարտադրանքով կամ հաճոյքի սիրոյն երկար ժամեր արեւու ճառագայթներուն ենթակայ կ՛ըլլան, մեծ հաւանականութիւն ունին մորթի խլիրդ զարգացնելու: Սպիտակամորթները աւելի հակամէտ են վատորակ մորթային ուռեցքներ ունենալու: Այս ուռեցքները սկիզբը կը յայտնուին իբրեւ շատ փոքր ուռեցքներ, որոնք արագօրէն կը ծաւալին՝ մորթի գոյնի փոփոխութիւններով:
Մորթի վատորակ խլիրդներէն մէկն է՝ վատորակ սեւայտուցը (malignant melanoma), որ կը յառաջանայ «մելանին» արտադրող բջիջներէն: Ան կը պատահի մորթի մակերեսի որեւէ մէկ բաժինին վրայ, որեւէ տարիքի, առանց սեռի խտրութեան: Այս մէկը վտանգաւոր վատորակ ուռեցք մըն է:
Սեւայտուցը աւելի հաւանականութիւն ունի յայտնուելու այն անհատներուն մօտ, որոնք հետեւեալ տուեալները ունին.
1. Երկար ժամանակ արեւու ճառագայթներուն ենթարկուիլ, առանց մորթի պաշտպանակներու (sunscreen) գործածութեան.
2. Մելանին արտադրող բջիջներով հարուստ բնածին բիծերու գոյութիւն.
3. Վատորակ սեւայտուցի գոյութիւնը ընտանիքին մէջ.
Սեւայտուցներուն 50 առ հարիւրը կը պատահի պիսակներու մէջ, իսկ մնացեալը՝ ուղղակի մելանին արտադրող բջիջներու գերգործունէութեամբ:
Վատորակ սեւայտուցը նախ կը յայտնուի իբրեւ գոց կարմիր կամ սրճագոյն գոյնի մակերեսային կամ խորունկ մորթային պզտիկ ուռեցք մը: Կարճ ժամանակամիջոցի մէջ անիկա շուտով կը ծաւալի եւ կ՛ունենայ գոյնի, չափի եւ ձեւի փոփոխութիւն եւ կը տարածուի մորթին ներքին խաւերը ու մորթէն շատ անդին: Սեւայտուցը կը տարածուի արեան եւ աւշային (lymphatic) անօթներու ճամբով: Անոր ախտաճանաչումը կ՛ըլլայ ուռեցքէն պզտիկ կտորիկ մը վերցնելով եւ հետազօտական քննութեամբ:
Սեւայտուցի դարմանումը կը կարօտի վիրաբուժական վիրահատումի: Վիրաբոյժը սեւայտուցի վիրահատումը կը կատարէ ապահով սահմաններով, այսինքն՝ սեւայտուցին հետ միատեղ կը հատէ անոր շուրջը գտնուող առողջ մորթի որոշ մէկ մասը: Տարածուած սեւայտուցը կը դարմանուի վիրահատումով, մօտակայ աւշագեղձերու (lymph nodes) հատումով եւ քիմիական դարմանումով (chemotherapy):
ԺԲ. Անօթային (vascular) Ուռեցքներ
ա. Մանկական անօթային ուռեցք (Hemangioma)
Այս ուռեցքները կարմիր-մանիշակագոյն ելականման բարձրացած անօթային ուռեցքներ են, որոնք կը յայտնուին մանուկի կեանքին առաջին տարուան ընթացքին: Մանուկներու 10 առ հարիւրը կ՛ունենայ այս անօթային ուռեցքները, որոնք կը տեսնուին մարմինի որեւէ մէկ տեղը, առաւելաբար՝ երեսին վրայ, եւ կ՛ըլլան մակերեսային կամ խորունկ:
Մակերեսային անօթային ուռեցքը կ՛ունենայ փայլուն կարմիր տեսք, իսկ խորունկ անօթայինը՝ կարմիր-կապոյտ տեսք: Բոլորն ալ կարիւնոտին հարուած-վնասուածքով (trauma):
Այս ուռեցքներուն մեծամասնութիւնը կ՛անհետանայ քանի մը տարիներու ընթացքին: Մանկական անօթային ուռեցքներուն դարմանումը տեղի կ՛ունենայ lazer-ճառագաթներու միջոցաւ եւ corticosteroids-ներու գործածութեամբ:
բ. Սարդանման անօթային ուռեցք (Spider angioma)
Սարդանման անօթային ուռեցքները մակերեսային, կարմիր-փայլուն եւ անօթային շատ բարակ բիծեր են, որոնք կը պատահին մարմինի որեւէ հատուածի վրայ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կ՛ունենայ սարդանման անօթային տասնեակ ուռեցքներ: Անոնք շատ աւելի կը տեսնուին յղի կիներու մօտ: Սարդանման անօթային ուռեցքները ընդհանրապէս դարմանումի չեն կարօտիր:
(Շար. 2)