
ՆԻՍ.- Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Նիսի քաղաքապետ, Ալփ Մարիթիմի պատգամաւոր եւ Նիս-Քոթ տ՛Ազիւր միջհամայնքային միութեան նախագահ Քրիսթիան Էսթրոզիի հրաւէրով, Սեպտեմբեր 23էն 25 պաշտօնական այցով մը կը գտնուէր Ֆրանսայի Նիս քաղաքը, Հայաստանի Անկախութեան 20ամեակին առթիւ հոն կազմակերպուող ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ռուբէն Սեւակի յուշակոթողի բացման արարողութեան մասնակցելու նպատակով:
Հայաստանի Անկախութեան 20ամեակի առիթով Նիսի քաղաքապետ Քրիսթիան Էսթրոզիի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ, Երեւանի քաղաքապետը ընդգծած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի, նաեւ հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներուն միջեւ օրէ օր ամրապնդուող եւ ընդլայնուող բարեկամական ու գործընկերային կապերուն կարեւորութիւնը:
Երեւանի քաղաքապետին գլխաւորած պատուիրակութիւնը մասնակցած է Նիսի մէջ Հայաստանի հրապարակին վրայ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ռուբէն Սեւակի յուշակոթողի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Այցելութեան ընթացքին քաղաքապետը այցելած է նաեւ Նիսի Հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցին ու հանդիպած տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Քաղաքապետը նաեւ այցելած է տեղի հայկական վարժարանը, ուր ծանօթացած է վարժարանի պայմաններուն եւ կրթական ծրագիրներուն: