Իւրաքանչիւր տարուան Սեպտեմբեր 21ին, Վերանկախացման տօնակատարութիւնները մեծ խանդավառութիւն եւ հպարտութիւն կը պատճառեն բոլորիս եւ յատկապէս «Փիլիպոս»ի մեծ ընտանիքին ու անոր հարազատ ու ազգասէր զաւակներուն:
Տարիներէ ի վեր հաճելի աւանդութեան վերածուած է «Փիլիպոս»ի յարկէն ներս երկու անկախացման տօները՝ Մայիս 28, 1918 եւ Սեպտեմբեր 21, 1991, հպարտութեամբ նշել ու այդպիսով աշակերտներուն վարժեցնել յարգանք ունենալ՝ սրբութիւն համարուող հայրենիքին, անոր ազատութեան եւ անկախութեան համար պայքարողին եւ բարգաւաճման համար արթուն ու մտահոգ հսկող ու գործող առաջնորդներուն նկատմամբ:
Այս տարի եւս, մեր վարժարանը իր ժրաջան տնօրէն դոկտ. Ալինէ Դուրեանի առաջնորդութեամբ, տօնական խանդավառութիւն ապրեցաւ «Փիլիպոս»ի տաքուկ յարկէն ներս: Իւրայատուկ էր այս տարուան տօնախմբութիւնը՝ իր ձեւին ու բովանդակութեան մէջ: Օրեր շարունակ խանդավառութեամբ ողողուած էր «Փիլիպոս»ը, պատրաստութեան նախօրեակի ապրուած իսկական սպասումի անսահման խանդավառութեամբ: Սփիւռքի ափերուն վրայ ազգային ոգին վառ պահելու հսկայական աշխատանքն էր, որ կը տարուէր վարժարանի դարպասներէն ներս: Ինքնին այս է արդէն Հայ դպրոցի ամէնէն էական առաքելութիւնը եւ յաղթանակը, որուն համար անխոնջ կերպով կ՛աշխատին ազգային մեր վարժարանները:
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն վարժարանը սկսած էր հայօրէն ապրելու ու շնչելու: Աշակերտներ, ուսուցիչներ առաւօտեան ժամը վեցէն սկսած էին շրջափակը զարդարելու դրօշներով, Հայաստանի եւ Արցախի քարտէսներով եւ փուչիկներով:
Առաւօտեան ժամը 8:30ին վարժարանիս աշակերտութիւնը, ուսուցչակազմը եւ տնօրէնութիւնը պատրաստ էին յարգելու քսանամեայ մեր նորաստեղծ Հանրապետութեան վերանկախացման հպարտ տօնը՝ դրօշակի արարողութեամբ:
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըս մասնաճիւղի խմբապետական կազմը եւ «Փիլիպոս»ի ներկայացուցիչները իրենց սկաուտական տարազներով վարժարան եկած էին այդ օրը, մասնակից դառնալու համար դրօշակի արարողութեան: Բոլոր աշակերտները պահի հանգամանքը յարգելով՝ լուռ եւ ակնածանքով հետեւեցան դրօշներու երթին ու հերթով հնչող երեք քայլերգներուն՝ Ամերիկեան, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ վարժարանին: Անոնց հետեւեցաւ վարժարանիս աշակերտական խորհուրդին եւ Հայկական ակումբի աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած լօզունգներու արտասանութիւնը, մինչ մանկապարտէզի, առաջին եւ երկրորդ կարգերու աշակերտները իրենց պատրաստած Եռագոյն դրօշակները պարզած՝ հպարտօրէն տողանցեցին վարժարանի շրջափակէն ներս, ապագայի մեծ յոյսով լեցնելով մեր էութիւնը:
Արարողութեան անմիջապէս յաջորդեց երրորդէն մինչեւ եօթներորդ կարգերու աշակերտներուն համար պատրաստուած հանդիսութիւնը մարզասրահէն ներս:
Դոկտ. Ալինէ Դուրեան, ուսուցիչներուն եւ պարոն Լուսարարեանի ընկերակցութեամբ անցաւ մարզասրահ, քաջալերելու եւ հետեւելու համար գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրի գործադրութեան՝ աշակերտներուն կողմէ, իրենց հայերէնի ուսուցիչներուն օգնութեամբ: Հանդիսութիւնը սկսաւ աշակերտական խորհուրդի ներկայացուցիչ Քրիսթինէ Սաֆարեանի բացման խօսքով ու օրուան պատգամով: Քրիսթինէն իր խօսքով վեր առաւ հայրենիքի անկախութեան վեհ գաղափարը, եւ գեղեցիկ ու հասկնալի ոճով բացատրեց աշակերտներուն անկախութեան անհրաժեշտութիւնը մեր ազգային կեանքէն ներս: Ապա անոր յաջորդեց չորրորդ կարգի աշակերտներուն խմբային արտասանութիւնը՝ «Երգ Հայրենիքի Մասին» խորագիրով: Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ ներկայացուցին իրենց աշխատանքը՝ հայրենասիրական բարձր ոգիով: Անկէ ետք մենապարով հանդէս եկաւ Ալէք Գէորգեանը, արժանանալով ներկաներու ծափողջոյններուն ու գնահատանքին: Կրկին արտասանութեամբ եւ ազգային ոգիով թնդաց մարզասրահը, այս անգամ հինգերորդ եւ վեցերորդ կարգի աշակերտներուն կատարողութեամբ «Մասիս» եւ «Ուխտ Արարատին» բանաստեղծութիւններով: Յաջորդաբար երկու երգերով հանդէս եկաւ վարժարանիս նախակրթարանի երգչախումբը՝ Լուսինէ Գալստեանի ղեկավարութեամբ:
ՀՄԸՄի խմբապետները հակիրճ եւ հետաքրքրական ներկայացումով բացատրեցին Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան առաքելութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը ազգային հասարակական մեր կեանքէն ներս, ու քաջալերեցին, որ իւրաքանչիւր հայ մանուկ եւ պատանի անդամագրուի ՀՄԸՄի շարքերը: Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի սկաուտական շարքերու «Փիլիպոս»ի բոլոր անդամերը տարազներով կանգնած էին հանդիսութեան առաջին շարքին վրայ, «Միշտ պատրաստ» իրենց նշանաբանին պարկեշտ եւ յանձնառու գիտակցութեամբ:
«Հայ Քաջ Տօ» մարտարուեստի փիլիպոսեան խմբակը, «Շիհան» Միհրան Աղուինեանի առաջնորդութեամբ, հմայիչ ներկայացում մը կատարեց՝ միաժամանակ ցուցաբերելով ուժ, ինքնավստահութիւն, յարատեւ աշխատանք, կամք, յարգանք եւ հնազանդութիւն:
Ապա օրուան պատգամը փոխանցեց Սոնա Մատարեանը, հասկնալի եւ տպաւորիչ կերպով: Աշակերտները ամբողջութեամբ հետաքրքրուած եւ ուշի-ուշով հետեւեցան անոր խօսքերուն եւ պատգամներուն, ապա արդարօրէն գնահատեցին զայն:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Անոյշ եւ Ինկա Արշակեաններու «Իմ Անունը Հայաստան է» հմայիչ եւ ազգային հպարտութիւն արթող տեսախտասալիկի ցուցադրութեամբ: Երեխաները սկսան խայտալու ազգային շունչով ու հպարտութեամբ, եւ վառվռուն կերպով մասնակցեցան երգի կատարումին:
Ապա կարճ դադարէ մը ետք մարզասրահ հաւաքուեցան ութերորդէն տասներկրորդ կարգի աշակերտները՝ իրենց դասատուներուն եւ տնօրէնուհիին առաջնորդութեամբ: Այս անգամ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական այլ յայտագիր մը՝ պատրաստուած բարձր կարգերու աշակերտներուն կողմէ: Առաջին հերթին, օրուան բացման խօսքն ու պատգամը փոխանցեց 12րդ կարգի աշակերտուհի Նաթալի Գալփաքեանը: Ան շատ լաւ ձեւով բնութագրեց Հայաստանի վերանկախացման կարեւոր հանգամանքը մեր ազգային կեանքէն ներս՝ գեղեցիկ զուգահեռ մը գծելով զոյգ անկախութիւններուն միջեւ:
Անոր յաջորդեց ութերորդ կարգէն Արմինէ Գալփաքեանի ասմունքը, հայրենի բանաստեղծ Համօ Սահեանի խօսքերով, ապա Սարգիս Գասպարեանի եւ Սանտրա Տօնոյեանի երկխօսութիւն-բանաստեղծութիւնը գեղեցիկ ձեւով հնչեց սրահէն ներս:
Հայրենի լեռներուն հարազատ շուիի ձայնը սրահէն ներս հնչեցուց իններորդ կարգէն Արամ Մանուկեանը, հայրենասիրական եւ ազգային երգերու գեղեցիկ կատարումով: «Ելէ՛ք հայեր» հայրենասիրական երգը կատարեցին 10րդ կարգի աշակերտներէն խմբակ մը՝ իւրայատուկ ոճով եւ խանդավառութեամբ: Ապա նորէն հանդէս եկաւ մարտարուեստի «Հայ Քաջ Տօ» խմբակը, որ իր կատարումով հիացմունք եւ հպարտութիւն պատճառեց բոլորիս:
Օրուան պատգամը վստահուած էր ՀԵԴի երեք ազգայնասէր երիտասարդներու՝ Վաչէ Թովմասեանի, Գարինա Խանճեանի եւ Մարիա Մատէնեանի. վերջին երկուքը «Փիլիպոս»ի շրջանաւարտներ էին: Երեքն ալ իրենց երիտասարդական աւիւնով եւ հայրենասիրական շունչով, կրցան մեծ խանդավառութիւն ստեղծել աշակերտութեան մօտ: Անոնք հայրենասիրութեան եւ իսկական գործի պատգամ փոխանցեցին ներկաներուն՝ Արամ Մանուկեանի շունչով հասած հայրենասիրութեան ջահը փոխանցելով աշակերտներուն, միաժամանակ այդ ջահը միշտ վառ պահելու պարտականութիւնը վերապահելով «Փիլիպոս»ի աշակերտին:
Երիտասարդները իրենց պատգամը եզրակացուցին հետեւեալ խօսքով. Its better to die on your feet than to live on your knees, ազատ ապրելու, ազատ մտածելու, ազատ ստեղծագործելու եւ ազատ պայքարելու կոչ ուղղելով բոլորին: «Պարտականութիւնը մեր ուսերուն է», «Ազգային մեր կեանքը կարիքը ունի մեզմէ իւրաքանչիւրի ուժին եւ ներդրումին»… այսպէս կը խօսէր սփիւռքի մէջ ծնած ու դաստիարակուած հայ երիտասարդը՝ իր շարաւիղին հետեւելու կոչ ուղղելով հայ պատանիին:
Վարդան ու Սիրանոյշ Գէորգեաններու խմբային պարով եւ ապա Արշակեան քոյրերու երգով փակուեցաւ հանդիսութիւնը:
Սրահէն ներս տիրող դրական ու խանդավառ մթնոլորտը չափազանց ակնյայտ էր: Վարժարանի տնօրէն դոկտ. Դուրեան իր քաջալերական խօսքերով ու արտայայտութիւններով իւրաքանչիւր աշակերտի ելոյթը դրուատեց՝ անոնց մօտ առաւել եւս զարգացնելով աշակերտական եռանդը ու հաստատելով վստահ ու ամուր ճանապարհով առաջնորդուելու կամքն ու յարատեւութիւնը:
Որպէս մարդ՝ ամուր ենք, երբ մեր ազգութեամբ հպարտ ենք, իսկ որպէս ազգ՝ ամուր ենք, երբ մեր ապագայի սերունդները հպարտ ու ինքնավստահ կը քալեն մեր ազգային նպատակասլաց ուղիէն: Միքայէլ Նալպանտեան արդարօրէն կ՛ըսէ. «Ազատութեան ճանապարհը փշոտ է», սակայն իւրաքանչիւր հայորդի պատրաստ է այդ ճանապարհը ամբողջութեամբ նուաճելու, ի գին հայրենիքի ազատ եւ անկախ երթի պահպանման:
(Թղթակցութիւնը Վարժարանէն)