
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր այս տարուան տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, «Ամբողջ կեանքի իրագործումներ»ու մրցանակը պիտի շնորհէ Քեն Խաչիկեանին, որ տասնամեակներու ընթացքին եղած է ամերիկեան բազմաթիւ քաղաքական ընտրապայքարներու վստահելի խորհրդական, ու նախագահ Ռանըլտ Ռեկընի ճառախօսութեան հեղինակն էր, երբ վերջինս հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին յստակօրէն կը հաստատէր Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնը:
Նախագահական ինը ընտրապայքարներու խորհրդական ըլլալու կողքին, ան եղած է ոչ միայն Ռեկընի, այլ նաեւ Ռիչըրտ Նիքսընի ճառերու հեղինակը, ինչպէս նաեւ եղած է Նիքսընի յատուկ խորհրդականի տեղակալը: Աւելի ուշ, ան օժանդակած է Նիքսընի յուշերը խմբագրելու աշխատանքին եւ եղած է նախագահին գլխաւոր խորհրդականը՝ լրագրող Տէյվիտ Ֆրոսթի հետ անոր հարցազրոյցին, որ 2008ին շարժապատկերի վերածուած էր եւ որուն մէջ Խաչիկեանի դերը խաղաց դերասան Կեպրիէլ Եարետը:
Խաչիկեան նաեւ Ռեկընի ճառերուն գլխաւոր հեղինակն էր, ինչպէս նաեւ՝ անոր յատուկ խորհրդականը: Ան վեց տարի այս պաշտօններուն վրայ մնալէ ետք, անցաւ անձնական ասպարէզ՝ միաժամանակ շարունակելով խորհրդակցական աշխատանք տանիլ ու ճառեր գրել:
1980ականներէն ի վեր, ան կարեւոր դէմք մը կը նկատուի Քալիֆորնիոյ Հանրապետական կուսակցութեան ընտրապայքարներուն մէջ, եւ անոր շնորհիւ ստացած է «Քալիֆորնիոյ հանրապետական քաղաքականութեան առիւծը» որակումին:
1982ին եւ 1986ին, Խաչիկեան նաեւ գլխաւոր խորհրդականն էր Ճորճ Տէօքմէճեանի նահանգապետական ընտրապայքարներուն, ինչպէս նաեւ եղած է նահանգի ընդհանուր դատախազի պաշտօնին երկու անգամ ընտրուած Տեն Լանկըրնի ընտրապայքարներուն տնօրէնը: Ան նաեւ խորհրդական էր Փիթ Ուիլսընի Ծերակոյտի եւ նահանգապետի ընտրապայքարներուն, որոնք յաջողութեամբ պսակուեցան:
Խաչիկեան քաղաքական գիտութեանց պսակաւոր արուեստի վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սանթա Պարպարայի մասնաճիւղէն, իսկ իրաւաբանի վկայականը՝ Քոլոմպիոյ իրաւաբանական վարժարանէն: Ներկայիս ան գլխաւոր գործընկեր մըն է Օրենճ Քաունթիի «Պրաունսթին, Հայեթ, Ֆարպըր, Շրեք» իրաւաբանական հիմնարկին: Ան նաեւ անդամ է նահանգային, ամերիկեան ու հայկական շարք մը կազմակերպութիւններու վարչութեանց կամ խորհրդական մարմիններու:
Խաչիկեան ամուսնացած է Մերիտիթի հետ եւ ունի երկու դուստր՝ Մըրիսա եւ Քրիսթի:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Էնտրու Քիզիրեան կը յայտնէ, թէ այս մրցանակը Խաչիկեանին յանձնելով՝ Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛ուզէ արժեւորել վերջին 40 տարիներու ընթացքին Խաչիկեանի ունեցած յոյժ կարեւոր ներդրումը, ոչ միայն ամերիկեան քաղաքական կեանքին, այլ նաեւ Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ, աւելցնելով, թէ Խաչիկեան ցոյց տուած է, որ՝ «Գրիչը սուրէն աւելի զօրաւոր է»: