ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Երկիր Մեդիա», «Ազատութիւն».- Արեւելեան գործընկերութեան խորհրդարանական վեհաժողովի նախօրէին տեղի ունեցած Եւրոնեսթի նիստին խափանուած է անոր աշխատանքներուն արդիւնքները ամփոփող զեկոյցին ընդունումը:
Զեկոյցը պէտք է ընդունուէր իբրեւ ամփոփիչ փաստաթուղթ եւ ներկայացուէր այս աշնան Վարշաւիոյ մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան անդամ պետութիւններու համաժողովին: Զեկոյցին մէջ ատրպէյճանցի եւ վրացի պատուիրակներու կողմէ ներառնուած էին ոչ հայանպաստ առաջարկներ, եւ հայկական պատուիրակութեան ջանքերուն շնորհիւ, կարելի եղած է ձախողեցնել անոր ընդունումը:
«Հայաստանի պատուիրակութիւնը հիմնականօրէն վրդոված էր բանաձեւին բնագիրին մէջ առաջարկուած երկու փոփոխութիւններէն, որոնք կը վերաբերէին տարածքային ամբողջականութեան՝ կապուած Լեռնային Ղարաբաղի հետ», Սթրազպուրկէն յայտնած է Ռիքարտ Եոզվիակ:
Եւրոնեսթին մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան, «Երկիր Մեդիա»ին փոխանցած է հետեւեալը.
«Մենք պահանջեցինք կա՛մ նշել բոլոր միջազգային սկզբունքները, կա՛մ ընդհանրապէս՝ հանել: Իսկ եթէ նրանք շատ են ցանկանում իրենց ասածը՝ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը պնդել, ուրեմն, պիտի աւելացնէին նաեւ ուժի սպառնալիքի չկիրառումը եւ մարդկանց ազատ կամարտայայտութեան՝ ինքնորոշման իրաւունքը:
«Ընդհանուր առմամբ՝ եւրոպական կոմպոնենտից մենք ամբողջական հասկացողութիւն ստացանք: Լեհերը քուէարկել են ճիշդ այնպէս, ինչպէս մենք էինք ճիշդ գտնում: Առաջարկը ձեւաւորուած էր վրացիների, ատրպէյճանցիների եւ մոլտովիացիների օգնութեամբ: Ես ստիպուած եղայ կիրառել մեր կոնսեսուսի (միաձայնութեան-Խմբ.) պահանջը: Այսինքն՝ որ այդ հատուածը ընդունուի կոնսեսուսով, թէեւ եւրոպական գործընկերները կողմ էին, որ տարածքային ամբողջականութեան կէտը ընդհանրապէս չընդունուի:
«Արդիւնքում՝ չընդունուեց ամբողջ զեկոյցը, որը պէտք է ուղարկուէր Վարշաւա՝ Եւրանեսթի գագաթնաժողովին: Սա եղաւ վրացական եւ ատրպեճանական յամառութեան արդիւնքը»: