
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Գերմանացի յայտնի պատմաբան Քլաուս Լեքեւիի «Պայքար եւրոպական յիշողութեան համար» գիրքին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը դասուի Եւրոպայի մոռցուած ողբերգութիւններու շարքին:
Գիրքին գլխաւոր նպատակը եղած է եւրոպացիներուն յիշեցնել մոռցուած պատմական իրադարձութիւններուն մասին: Հեղինակը նշած է, որ Եւրոպան պիտի չկարենայ միասնական ըլլալ, այնքան ատեն, որ չունի լիարժէք պատմական յիշողութիւն:
Գիրքին մէջ մոռցուած կամ քիչ յայտնի ողբերգութիւններու շարքին կը նշուին 1915ի Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Պալթեան երկիրներու մէջ խորհրդային բռնագրաւման հետեւանքները, Պոսնիոյ մէջ հակամարտութիւնը եւ ուքրանական սովը: