
ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայ ազգային կոնգրեսի (ՀԱԿ) հերթական հանրահաւաքը: Ելոյթներով հանդէս եկան ՀԱԿ ներկայացուցիչներ Նիկոլ Փաշինեանը, նախկին զինուորական դատախազ Գագիկ æհանգիրեանը, ՀՀՇ վարչութեան նախագահ Արամ Մանուկեանը, ՀԱԿ համակարգող Լեւոն Զուրաբեանը, «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան վարչութեան նախագահ Արամ Սարգսեանը, ՀԺԿ նախագահ Ստեփան Դեմիրճեանը:
Խօսք առնողները անդրադարձան վերջին շրջանին հասարակութիւնը յուզող խնդիրներուն, որոնց շարքին՝ բանակին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններուն:
Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ Հայաստանի մէջ հաստատուած է յեղափոխական իրավիճակ, իսկ յեղափոխութիւնը Հայաստանի մէջ արդէն կենսական անհրաժեշտութիւն է:
«Ես բոլորիդ կոչ եմ անում պատրաստուել Սահմանադրական թաւշեայ յեղափոխութեան», դիմելով հաւաքուածներուն յայտարարեց Փաշինեան, նշելով, որ իշխանութիւնը ի վիճակի չէ լուծել երկրի առջեւ ծառացած խնդիրները:
Հանրահաւաքի աւարտին ելոյթով հանդէս եկաւ ՀԱԿ առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, որ անդրադարձաւ իշխանութիւն-ՀԱԿ երկխօսութեան ընթացքին ՀԱԿի կողմէ ներկայացուած փաստաթուղթին, ուր կը հիմնաւորուէր արտահերթ ընտրութիւններու անհրաժեշտութիւնը:
Տէր Պետրոսեան նաեւ յայտարարեց, որ եթէ մօտակայ օրերուն ազատ չարձակուի ՀԱԿի կալանւորուած անդամներէն Տիգրան Առաքէլեանը, «երկխօսութիւնն առկախուած թողնելով, մենք հարկադրուած կը լինենք իշխանութիւնների հետ խօսել այլ լեզուով»:
«Սահմանադրական կարգի վերականգնման հարցը մենք փորձեցինք լուծել իշխանութիւնների հետ ձեռնարկուած քաղաքակիրթ երկխօսութեան ճանապարհով, որը, սակայն, ինչպէս ձեզ յայտնի է, ժամանակաւորապէս առկախուած է Հայ ազգային կոնգրեսի դէմ անցեալ ամսին սանձազերծուած ոստիկանական հալածանքների նոր ալիքի եւ մէկ քաղբանտարկեալի առկայութեան պատճառով», յայատարարծ է Տէր Պետրոսեան:
«Այլ լեզու ասելով, ես ամենեւին յեղափոխութիւն կամ ապստամբութիւն նկատի չունեմ, այլ հանրահաւաքների յաճախակիացման եւ ժողովրդական զանգուածների առաւելագոյն համախմբման կամ գերմոբիլիզացիայի (զօրաշարժի-Խմբ.) միջոցով արտահերթ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնների անցկացման պարտադրում»:
ՀԱԿի յաջորդ հանրահաւաքը տեռի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 23ին:
Ov e levon ter petrosyan? guoghoboud haladzank sov martasbanoutyun mite HAY joghovourte miyamid e? bidika jamanague Hay joghovourte gouda artar vejire………………………………