
ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնոյի «Չարլի Քէյեան» համագաղութային վարժարանը դարձեալ իր դռները բացած է, իր ուսումնական 37րդ տարեշրջանը սկսելով նոր տնօրէնուհի Զարուհի Տէր Մկրտիչեանի առաջնորդութեամբ:
Դպրոցին «Գասպար Յովհաննէսեան» սրահին մէջ կայացած վերամուտի ձեռնարկին բացումը կատարած է հոգաբարձութեան ատենապետ Վաչէ Վասիլեան, որ աշակերտներն ու ծնողները ողջունելէ ետք, բեմ հրաւիրած է նոր տնօրէնուհին: Ապա, վարժարանին ամենափոքր աշակերտը՝ Ճիւլի Սապիլճեան, հնչեցուցած է տարեշրջանին առաջին զանգը, իրենց դասարանները առաջնորդելով աշակերտները: