ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լեռնային Ղարաբաղի «Եղնիկներ» զօրամասի մէջ Օգոստոս 26ին ժամկէտային

զինուոր Աղասի Աբրահամեանի մահուան գործով Երեքշաբթի,Սսեպտեմբեր 6ին ձերբակալուած են եւս երկու սպաներ:
Նշենք, որ նախապէս, նոյն գործով կալանաւորուած էին մէկ սպայ՝ բժշկական գրասենեակի պետը, եւ մէկ ժամկէտային ծառայող: Ձերբակալուած եւ կալանաւորուած զինուորներուն անունները չեն հաղորդուիր՝ նախաքննութեան գաղտնիութեան նկատառումներով:
Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 26ին, անգիտակից վիճակի մատնուած 18ամեայ Աղասի Գեղամի Աբրահամեան զինուորական հիւանդանոց տեղափոխուած էր, ուր մէկ ժամ ետք մահացած էր: Զինուորի մահը մեծ յուզում յառաջացուցած էլ հանրութեան մէջ:
Նախապէս կալանաւորուածներէն՝ սպան մեղադրուած է «իշխանազանցութիւն» յօդուածով, իսկ զինուորը՝ զինուորական կանոնները խախտելու մեղադրանքով:
Դեռեւես որեւէ մէկը ձերբակալուած կամ կալանաւորուած չէ «սպանութիւն» յօդուածով, թէեւ զինուորին դաժանաբար սպանած են: