ԳԻՒՄՐԻ.- Շաբաթ, 3 Սեպտեմբերին Գիւմրիի Թատերական հրապարակին վրայ կայացած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հանրահաւաքին ՀՅԴ գործիչները հաստատեցին, որ կը նախաձեռնեն Հայաստանի տարածքին հանրահաւաքներու շարքի մը: Նկատի ունենալով, որ Շիրակի մարզը Հայաստանի ամէնէն աղքատ մարզերէն մէկն է, ՀՅԴն իր պայքարը սկսած է Գիւմրիէն: ՀՅԴի հիմնական նպատակը, ըստ հանարահաւաքին խօսք առնող գործիչներուն, ներկայ իշխանութիւնները հեռացնելն ու երկրին մէջ արդար կարգեր հաստատելն է:
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի ընկերային-տնտեսական ծանր վիճակին, գնաճին եւ սաստկացող արտագաղթին: Այս վիճակէն դուրս գալու միակ միջոցը, ըստ ՀՅԴի ներկայացուցիչին, օր առաջ այս իշխանութիւններէն ազատիլն է:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանի կարծիքով, իշխանական բուրգը պէտք է հեռանայ վերէն վար: Ժամանակը արդէն հասունցած է, ըստ Յովհաննիսեանի, եւ այդ նպատակին հասնելու համար հայ ժողովուրդը պէտք է միասնական ոտքի կանգնի ու պայքարի այս վարչակարգին դէմ: