ՊՈՍԹԸՆ.- Սեպտեմբեր 17ին, Ամերիկայի հայկական գրադարան-թանգարանին մէջ (ALMA) պիտի կայանայ հայ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի գործերուն ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսէն մէկ օր առաջ, Պոսթընի «Ֆերմոնթ Քափլի Փլազա»ին (Fairmont Copley Plaza) մէջ պիտի կայանայ ցուցահանդէսին նուիրուած ընդունելութիւն:
Գանատահայ յայտնի լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշ (Յովսէփ Քարշեան) ծնած է 1908ին, Արեւմտեան Հայաստանի Մարտին քաղաքին մէջ:
Ցեղասպանութենէն իրենց կեանքը փրկելու համար, անոր ծնողքը՝ երեք երեխաներու հետ, որոնցմէ աւագը Յովսէփն (Եուսուֆ) էր, ստիպուած կ՛ըլլայ փախչելու Սուրիա. երկու տարի ետք, Քարշի ծնողքը իր աւագ որդին կ՛ուղարկէ Գանատա, ուր Շերպրուկ քաղաքին մէջ կ՛ապրէր անոր մօրեղբայրը՝ լուսանկարիչ Ճորճ (Գրիգոր) Նաղաշը:
1941 Դեկտեմբեր 30ին, Քարշը լուսանկարեց Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Ուինսթըն Չըրչըլը՝ Օթաուայի Համայնքներու պալատին մէջ անոր ելոյթին ընթացքին:
«Life» ամսագիրին մէջ Չըրչըլի դիմանկարի տպագրութենէն ետք, Քարշի պատուիրատուներուն թիւը անհամար կը դառնայ: Քարշի լուսանկարներու ամենայայտնի հերոսներու շարքին են ԱՄՆի 12 նախագահներ, Հռոմի 4 պապեր, Բրիտանիոյ բոլոր վարչապետները, խորհրդային առաջնորդներ՝ Խրուշչով, Պրեժնեւ եւ Կորպաչով, ինչպէս նաեւ Ալպըրթ Այնըշթայն, Նելսոն Մանտելլա, Օտրի Հեփպըրն, Էռնեսթ Հեմինկուէյ, Սամըրսէթ Մոյեմ, Փապլօ Փիքասօ, Պեռնարտ Շօ, Էլէօնորա Ռուզվելթ եւ ուրիշներ:
Քարշ այն 100 մարդոցմէ է, զորս «International Who՛s Who» հրատարակութիւնը 2000ին դասած է 20րդ դարու ամենանշանաւոր անձերու շարքին: