ՔԱՊՈՒԼ.- Ամերիկեան «Էյ.Փի.» լրատու գործակալութեան տուեալներուն համաձայն, Օգոստոս ամիսը դարձած է Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան զինուորական գործողութեան ամենամահացու ամիսը: Մինչեւ Երեքշաբթի, Օգոստոս 30ի տուեալներուն համաձայն, Աֆղանիստանի տարածքին ամերիկացի 66 զինուորներ սպաննուած են՝ այս տարուան ընթացքին սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը հասցնելով 299ի: Օգոստոսին Աֆղանիստանի մէջ սպաննուած են նաեւ ՆԱԹՕի անդամ երկիրներէ ոչ ամերիկացի 14 զինուորներ, այս տարուան ընթացքին սպաննուածներուն թիւը հասցնելով 403ի:
Յիշեցնենք, թէ ամերիկացի 10,000 զինուորներ մինչեւ տարեվերջ պիտի հեռանան Աֆղանիստանէն, իսկ մինչեւ յառաջիկայ ամառ, յաւելեալ 23,000 զինուորներ պիտի հեռանան՝ Աֆղանիստան մնացող ամերիկացի զինուորներուն թիւը իջեցնելով 68,000ի: