ԹԵԼ ԱՒԻՒ.- Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու առաջարկած է «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն դէպքին հարցով ՄԱԿի կազմած Փալմըրի յանձնախումբի տեղեկագիրին հրապարակումը յետաձգել, իսկ Թուրքիա մերժած է այդ մէկը՝ յայտնելով, որ առաջարկը լուրջ չէ։ Օրաթերթը կը յայտնէ, որ նախապէս երեք անգամ յետաձգուելէ ետք, այժմ կ՛առաջարկուի տեղեկագիրին հրապարակումը վեց ամիսով յետաձգել։
Իսրայէլեան քաղաքական աղբիւր մը յայտնած է, որ թուրքերը Նեթանիահուի առաջարկը նկատած են երկու երկիրներուն միջեւ հաշտութիւն գոյացնելէ փախուստ տալու եւ ժամանակ շահելու փորձ մը:
Սկզբունքով տեղեկագիրը պէտք է Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2ին հրապարակուի: