ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի լաւագոյն «գրոսմայսթըր»ներէն մէկը՝ Ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեան Վլադիմիր Յակոբեան, ոտքի վնասուածքի պատճառով, Օգոստոս 26ին պիտի

չմասնակցի Ռուսիոյ Խանտի-Մանսիսկ քաղաքին մէջ կայանալիք Ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին: Այնտեղ Հայաստանը պիտի ներկայացնեն վարպետներ Սերգէյ Մովսիսեան եւ Արման Փաշիկեան:
ՀՀ Ճատրակի դաշնակցութեան փոխնախագահ Հրաչեայ Թաւադեանի համաձայն, Վ. Յակոբեան արդէն բարեյաջող վիրահատութիւն ունեցած է, բայց տակաւին շուրջ երեք ամիս պէտք է հանգստանայ:
Նշենք, որ Վ. Յակոբեան, իր ամառանոցին մէջ անյաջող շարժումի մը հետեւանքով վնասած էր իր ոտքը: