ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարիներ շարունակ նշանակած է ամուսնացած դիւանագէտներ դեսպաններու պաշտօնին: Այս մասին տեղեկացուցին Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան (ՄԹ) արտաքին գործոց նախարարութենէն (ԱԳՆ)՝ ի պատասխան այն հարցումին, թէ ՄԹ ԱԳ նախարարութիւնը ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէ օրերս «The Daily Mail»ի մէջ տեղ գտած այն հրապարակումին, թէ՝ Հայաստանի մէջ երկու դեսպաններու նշանակումը կը վկայէ հայ-բրիտանական երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ բացասական տեղաշարժերու մասին:
«Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կ՛աշխատին շնորհալի ու փորձառու բազմաթիւ դիւանագէտներ, եւ անոնցմէ ոմանք ամուսնական զոյգեր են: Համատեղ նշանակումները աշխատանքի ժամանակակից ձեւ մըն է, որ կ՛օգնէ ԱԳ նախարարութեան, ունենալու համար դիւանագիտական լաւագոյն ծառայութիւն, եւ այս պարագային՝ թոյլ կու տայ Հայաստանին, որ ունենայ երկու գերազանց դեսպաններ, որոնք լաւագոյնս կ՛աշխատին շարունակելու մեր երկիրներուն միջեւ բարեկամական ու դրական յարաբերութիւնները», նշուած է ՄԹ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակին տրամադրած հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ճոնաթան Ճէյմա Էյվս եւ Քեթրին Ճէյն Լիչ (ամուսիններ) նշանակուած են Հայաստանի մօտ ՄԹ թագուհիի համատեղ դեսպաններ: Անոնք պիտի ստանձնեն իրենց պաշտօնները 2012 Յունուարին: Անոնց մշտական նստավայրը պիտի ըլլայ Երեւանը, իսկ դեսպանի պաշտօնը անոնք պիտի կատարեն չորսամսեայ հերթականութեամբ: