ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան խոստացած է հանրութիւնը տեղեակ պահել կենսաթոշակներու վճարման ոլորտին մէջ առկայ մեքենայութիւններու հետաքննութեան արդիւնքներուն մասին:
Գլխաւոր դատախազը, Օգոստոս 24ին կայացած ճեպազրոյցին ընթացքին, պատասխանելով այդ մեքենայութիւններու հետաքննութեան վերաբերող հարցումին, նշած է, որ ստուգումներ իրականացուած են Վերահսկիչ պալատին, ելեւմտական նախարարութեան եւ դատախազութեան կողմէ: Յարուցուած է քանի մը քրէական գործ, որոնք հետագային միաւորուած են մէկ վարոյթի մէջ. «Խօսքը մեծ գումարների մասին է: Գործի քննութեան համար հետաքննչական մեծ խումբ է ստեղծուել», ըսած է Աղուան Յովսէփեան:
Ինչպէս հաղորդուած էր աւելի վաղ, կենսաթոշակներու վճարման համակարգին մէջ խախտումներ յայտնաբերուած էին: Զանազան մեքենայութիւններու ճամբով, 2009-2010ի Հայաստանի պետական ամավարկէն իւրացուած է 113 միլիոն 181 հազար 900 դրամ գումար մը: