
Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին օրը, Կիրակի, Օգոստոս 14ին, առաւօտեան ժամը 9:30ին, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ ժամերգութեան հանդիսապետեց, ու ապա պատարագեց եւ քարոզեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, իբրեւ բնաբան ունենալով՝ «Մայր լուսոյ Մարիամ սուրբ կոյս, որ զլոյսն առ ի հօրէ ծնար մարմնով»:
Սրբազանը յատուկ գնահատանքի արժանացուց Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեանը, ծխական խորհուրդի անդամները, ինչպէս նաեւ «Խաչատուրեան» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ դպրապետ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Գեղամ Աշճեանի: Ան նաեւ իր շնորհակալութիւնները յայտնեց խաղողի նուիրատուներուն եւ օրհնութեան համար պատրաստողներուն: Պատարագի աւարտին, սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ եւ հոգեւորականներու ու երգչախումբին մասնակցութեամբ, կատարուեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքի արարողութիւնը: