ԵՐԵՒԱՆ, «Սլաք».- Հոկտեմբեր 29-30, ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ «Շարժման առողջութիւն՝ Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութիւնը միասնաբար Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպեն Սրտաբանութեան եւրակովկասեան 3րդ համաժողովը, որ առաջին անգամ կազմակերպուած է 2009ի Հոկտեմբերին, եւ որուն մասնակցած էին շուրջ 100 սփիւռքահայ ու աւելի քան 200 Հայաստանի եւ Արցախի սրտաբաններ:
Համաժողովին նպատակն է՝ յայտնաբերել եւ համախմբել աշխարհի հայ սրտաբաններու ներուժը՝ Հայաստանի մէջ սրտաբանութեան ոլորտի զարգացման համար, նաեւ նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի սրտաբաններուն համագործակցութեան, մասնագիտական որակներու բարձրացման, նորարարական հմտութիւններու փոխանակման, ինչպէս նաեւ նոր որակ հաղորդել սրտաբաններու հետագայ համագործակցութեան:
Համաժողովի աւարտին, Նոյեմբեր 2ին, տեղի պիտի ունենայ նաեւ հանդիպում մը Սրտաբանութեան Եւրակովկասեան համաժողովի պատուիրակութիւններուն եւ ԼՂՀ իշխանութիւններուն հետ:
Դիմելով աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայ սրտաբաններուն՝ կը խնդրուի, համաժողովին մասնակցելու ցանկութեան պարագային, մինչեւ Հոկտեմբեր 15 դիմել ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն՝ հետեւեալ հասցէով.
Ք. Երեւան, Վազգէն Սարգսեանի 26/1, 5րդ հարկ (հեռ՝ 58-56-01 (1-12), էլ. փոստ՝ europedep@yahoo.fr,
europedep@mindiaspora.am):