ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԾԱՆՕԹ.- Սոյն գրութիւնը խտացումն է Արամ Ա. կաթողիկոսի փակման խօսքին՝ արտասանուած Մեծի

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած Համասփիւռքեան կրթական Գ. համագումարին՝ նուիրուած արեւմտահայերէնին, Պիքֆայա, 20 Օգոստոս, 2011:
Անցնող երեք օրերը մեզմէ իւրաքանչիւրի կեանքին մէջ լեցուն ու հարստացնող օրեր եղան: Զեկոյցներու, քննարկումներու, երկխօսութիւններու ու վերլուծումներու ճամբով փորձեցինք լուսարձակի տակ բերել մեր ազգի կեանքին ներկայ հանգրուանի կարեւոր առաջնահերթութիւններէն՝ արեւմտահայերէնի փրկութեան խնդիրը: Յաճախակի առիթներով շեշտեցինք թէ մեր լեզուն, արեւմտահայերէնը վտանգուած է, եւ հետեւաբար, այս խոր գիտակցութենէն մղուած ո՛չ միայն այս մասին խօսեցանք, այլ նաեւ տագնապեցանք: Տագնապեցանք, որովհետեւ արեւմտահայերէնի ներկայ կացութիւնը տեսական խնդիր չէ, այլ գոյութենական հարց է: Տագնապեցանք, որովհետեւ արեւմտահայերէնի նահանջը ամէն օր կ՛ապրինք մեր ընտանիքներէն, դպրոցներէն ու նոյնիսկ եկեղեցիներէն ներս…:
Սակայն, համագումարի ընթացքին, ո՛չ միայն տագնապեցանք, այլ փորձեցինք միասնաբար ախտաճանաչում կատարել, հարցադրումներ կատարել, եւ ապա պատասխաններ որոնել սփիւռքի զանազան գաղութներէն ներս մեր ձեռք ձգած կենսափորձի լոյսին տակ: Ինչպէս Մեր բացման պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեցինք, այս համագումարին նպատակը միայն տագնապը տեսնել ու անոր լուրջ հետեւանքներուն անդրադառնալ չէր. այլ՝ ախտաճանաչումէն անդին փնտռել արեւմտահայերէնը առողջացնող դեղեր, միջոցներ, զայն վերականգնումի առաջնորդող ճամբաներ: Փաստօրէն այն էր համագումարի աշխատանքներուն կիզակէտը: Արդ, անցեալին նայելէ աւելի ապագային նայող ու բացուող հաւաքական ու լուրջ ճիգ մը եղաւ ներկայ համագումարը: Եւ ճիշդ ատոր համար, կ՛ուզենք Մեր ջերմ գնահատանքը յայտնել բոլոր ներկաներուն՝ համագումարի աշխատանքներուն իրենց յանձնառու ու գործօն մասնակցութեան համար:
Մօտէն հետեւելով համագումարի ընթացքին արտայայտուած մտածումներուն, եղած վերլուծումներուն ու կատարուած առաջարկներուն, պիտի փորձենք հետեւեալ կէտերուն մէջ ամփոփել համագումարի հիմնական առաջադրանքները.
ա) Հակառակ ներկայ աշխարհի այլազան ու բազմազան տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն, որոնց անմիջական ազդեցութեան տակ կ՛ապրինք սփիւռքի մէջ, ինչպէս նաեւ հակառակ մեր ինքնութեան, մեր արժէքներուն ու մեր լեզուին սպառնացող ամէ՛նօրեայ վտանգներուն, պէտք է կառչած մնանք մեր լեզուին, որ մեր ինքնութեան ամէնէն կենսական տարածքներէն մէկն է: Ցեղասպանութենէն յետոյ սփիւռքի դժուար պայմաններուն մէջ, ուր մեր ոտքերուն տակ հայրենի հող ու մեր նայուածքին դիմաց Արարատ չունէինք, մենք հայ մնացինք ամէնօրեայ պայքարով՝ եկեղեցին, դպրոցը, ընտանիքը, ակումբը դարձնելով մեր հաւաքական պայքարին առաջապահ զինուորները: Ճշմարտօրէն հայ մնալը ամէնօրեայ պայքար է:
բ) Համաշխարհայնացումը փաստօրէն ջնջած է ամէն տեսակ սահման ու քանդած՝ ամէն տեսակ ցանկապատ: Պատմութեան ընթացքին մեր ստեղծած կրթական, մշակութային, կրօնական ցանկապատերը չեն կրնար մեզ պաշտպանել համաշխարհայնացումի ահաւոր հոսանքին դիմաց: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել մեր հաւաքական մարտավարութիւնը ու ռազմավարութիւնը: Այս ծիրէն ներս օտարը, որ այսօր կը գտնուի մեր կեանքի սեմին ու նոյնիսկ երբեմն մեր կեանքին մայր էջին վրայ, մենք պիտի փորձենք հայացնել, բնականաբար միշտ կառչելով մեր ուրոյն արմատներուն ու արժէքներուն:
գ) Այս խորքին վրայ ու այս շրջագծէն ներս հարկ է դիտել ու արժեւորել արեւմտահայերէնի ներկան ու ապագան: Մեր պատգամին մէջ յիշեցուցինք, որ լեզուն արիւնն է մեր ժողովուրդին. առանց այդ արեան պիտի ցամքի մեր կեանքը: Հետեւաբար, պէտք է այս գիտակցութիւնը վառ պահել իւրաքանչիւր հայու կեանքին մէջ: Անհրաժեշտ է ահազանգ հնչեցնել ամէ՛ն տեղ թէ՝ արեւմտահայերէնը երկրորդական լեզու չէ, օտար լեզու չէ, ան մաս կը կազմէ մեր ինքնութեան, մեր գոյութեան: Մեր մտաւորականները, հոգեւորականները, ուսուցիչները, հայագէտները յօդուածներ պէտք է գրեն ու դասախօսութիւններ տան՝ ազգային ինքնագիտակցութիւնը խորացնելու համար մեր ժողովուրդի զաւակներու կեանքէն ներս:
դ) Մեր զեկոյցներուն ու քննարկումներուն ընթացքին յատուկ կերպով շեշտեցինք մարդուժի անհրաժեշտութիւնը: Արդ, հայագիտական ու մանկավարժական կեդրոններու ներկայութիւնը սփիւռքի հայութեան կեանքէն ներս հրամայական է: Անցեալին ունէինք նման կեդրոններ, սակայն ինչինչ պատճառներով փակուեցան: Անհրաժեշտ է ներկայ պայմաններու ու սպասումներու լոյսին տակ հաստատել այնպիսի կեդրոններ, ուր կարենանք պատրաստել հայ մշակոյթի ու յատկապէս արեւմտահայերէնի տարածման ու պաշտպանութեան նուիրեալ անձեր: Առանց մարդու կարելի չէ առաքելութիւն կատարել:
ե) Յատուկ կարեւորութեամբ յիշեցուցինք ընտանիքին, դպրոցին, մամուլին, եկեղեցւոյ ու ազգային կառոյցներուն վիճակուած ճակատագրական դերը արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան մեր հաւաքական պայքարին մէջ: Մեր յիշած կառոյցներուն իւրաքանչիւրին դերը կը մնայ անփոխարինելի: Ճի՛շդ է, դասագիրքը կարեւոր է ու ուսուցչին դերը կենսական. սակայն միջավայրը աւելի կարեւոր է եւ այդ հայաբոյր միջավայրը ստեղծողները պիտի ըլլան մեր կառոյցները:
զ) Մեր քննարկումներու ընթացքին յաճախակի առիթներով ընդգծեցինք, արդիական մօտեցումով, մանկավարժական չափանիշերով նոր դասագրքերու պատրաստութեան կողքին արհեստագիտական միջոցներու ճիշդ ու լայն օգտագործման կարիքը: Նոր սերունդը մօտէն հաղորդ է արհեստագիտութեան ընծայած կարելիութիւններուն: Մեր կրթական կեանքէն ներս համակարգիչի օգտագործումը կը կատարուի. անհրաժեշտ է աւելի զարգացնել զայն: Սակայն ցարդ տակաւին չենք կրցած մեր հաւաքական կեանքին մէջ հաւաքական նպատակներու օգտագործել արհեստագիտութեան միջոցները: Այս ծիրէն ներս կարեւոր կը նկատենք յատուկ աշխատանք տանիլ համացանցի ճամբով կատարուող երկխօսութիւնները ու հաղորդակցութիւնները արեւմտահայերէնով կատարել եւ սա կարելի՛ է՝ մասնագէտներու վկայութեամբ:
է) Յաճախակի կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ կրթական համասփիւռքեան քաղաքականութիւն մը ճշդելու հրամայական անհրաժեշտութեան: Նման քաղաքականութեան մը պակասը եւ անոր ունեցած հետեւանքները ծանօթ են մեր բոլորին: Այս մասին Մենք անձնապէս անդրադարձած ենք, ինչպէս նաեւ մեր Սուրբ Աթոռին կազմակերպած նախկին երկու համասփիւռքեան համագումարները շեշտած են նման քայլի մը կարեւորութիւնը՝ մնայուն տեղաշարժի մէջ գտնուող սփիւռքի ներկայ պայմաններու լոյսին տակ: Սակայն, չի բաւեր միայն թուղթի վրայ կրթական համասփիւռքեան քաղաքականութիւն մը ճշդել, էականը զայն գործի վերածելն է: Հո՛ս է որ մենք շատ յաճախ կը թերանանք: Արեւմտահայերէնի դիմագրաւած ներկայ տագնապը նաեւ անմիջականօրէն աղերս ունի մեր ներկայ կրթական ու հայագիտական խայտաբղետ ծրագիրներուն պարզած քաոսային վիճակին հետ: Հետեւաբար, կրթական յստակ քաղաքականութեան մը ճշդումը վստահաբար իր դրական հետեւանքները պիտի ունենայ արեւմտահայերէնի վերականգնման մեր հաւաքական ճիգերուն:
ը) Արդարօրէն ըսուեցաւ, թէ Հայաստանի հեռատեսիլները յատուկ ծրագիրներ պէտք է պատրաստեն արեւմտահայերէնով ու նոյնիսկ անհրաժեշտ է որ Հայաստանի պետութիւնը միայն արեւմտահայերէնով հեռատեսիլի կայան մը հաստատէ: Կը խորհինք թէ սա Հայաստանի պետութեան մեծագոյն նպաստներէն մէկը կրնայ ըլլայ սփիւռքի հայութեան: Փոխանակ ՀայաստանՍփիւռք գործակցութեան ծիրէն ներս պատահական նախաձեռնութիւններու դիմելու, նման լուրջ ծրագրի մը իրագործումը կը դառնայ աւելի օգտաշատ ու մնայուն:
թ) Համագումարի ընթացքին յաճախակի առիթներով առաջարկուեցաւ ու յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան խորհուրդի մը, կաճառի մը կամ ակադեմիայի մը հաստատումը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ: Մենք կ՛ողջունենք նման առաջարկ մը: Անհրաժեշտ է սակայն, որ համասփիւռքեան տարողութիւն ունեցող այս կառոյցի աշխատանքին մասնակցին սփիւռքահայ կեանքէն ներս գործող ու երկար տարիներու մասնագիտական փորձառութիւն ունեցող մանկավարժներ, հայագէտներ ու լեզուաբաններ. եւ աւելին, անհրաժեշտ է որ յիշեալ կառոյցին տալիք ցուցմունքները առնելիք որոշումները գործադրուին բոլոր գաղութներուն ու կառոյցներուն կողմէ, այլապէս ան կը դառնայ ձեւական նախաձեռնութիւն մը:
ժ) Մենք կը հաւատանք գործին: Համագումարը իր խօսքը ըսաւ. խօսքը պէտք է վերածել գործի՝ առաջացնելով այնպիսի գործընթացներ, որով կարելի ըլլայ արեւմտահայերէնը բիւրեղացնել ու անոր գործածութիւնը տարածել ու արմատացնել սփիւռքահայ կեանքէն ներս: Այս տեսանկիւնէն դիտած, կը հաւատանք որ ներկայ համագումարը չէ փակուած. ան պէտք է շարունակուի, անոր տագնապը, ահազանգը, ախտաճանաչումը, առաջադրանքները պէտք է թափանցեն մեր կեանքէն ներս, բոլո՛ր մակարդակներու վրայ ու բոլո՛ր բնագաւառներէն ներս: Հո՛ս է որ համագումարը պիտի գտնէ իր լիարժէք իմաստը ու նպատակը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր բոլոր կարելիութիւնները միշտ ի սպաս դրած է ու կը շարունակէ դնել ի խնդիր մեր ազգին, եկեղեցւոյ ու հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերուն ու առաջնահերթութիւններուն:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ