
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսաբնակ խումբ մը արաբկիրցիներու՝ Օննիկ Նալպանտղազարի, Խոսրով Քիւրքճիւօղլուի, Մարգրիտ Աթմաճայի, Ժընեւ Անատօլի եւ Պօղոս Խեչինօղլուի հետեւողական ճիգերուն շնորհիւ, եւ Արաբկիրի քաղաքապետութեան նիւթական աջակցութեամբ, նորոգութեան կ՛ենթարկուի Արաբկիրի հայկական գերեզմանատունը։
Սոյն խումբը զբօսաշրջական նպատակներով այցելած էր իր ծննդավայրը՝ Արաբկիր, եւ մեծապէս յուզուած էր՝ տեսնելով տեղւոյն հայկական գերեզմանատան անմխիթար վիճակը։ Անոնք անմիջապէս կապ հաստատած էին քաղաքապետ Հալուք Ճէօմերթօղլուի հետ եւ հանդիպում մը ունենալով՝ անոր պարզած էին կացութիւնը։ Քաղաքապետը անմիջապէս ընթացք տուած էր անոնց խնդրանքին ու պատկան անձերը պաշտօնի կոչած՝ գերեզմանատունը նորոգութեան ենթարկելու նպատակով։
Նորոգութիւնները սկսած են եւ այժմ պատեր կը շարուին գերեզմանատան բոլորտիքը։ Այս աշխատանքներուն իր օժանդակութիւնը կը բերէ նաեւ «Արաբկիր» միութեան նախագահ Թուրկայ Ագշահին։ Նորոգութենէն ետք գերեզմանատան մուտքին պիտի կախուի «Արաբկիրի հայոց գերեզմանատուն» ցուցատախտակը։ «ՀայՃար» խմբակէն Նազարէթ Պինաթլը եւ Լոռի Զաքար օգնական հանդիսացան՝ գերեզմանատան պատի յատակագիծը մշակելու աշխատանքներուն։
1915ի դէպքերէն առաջ, Արաբկիրի մէջ կար գերեզմանատուն մը, անոր կից մայր տաճար մը, նաեւ կային վարժարաններ եւ եկեղեցիներ. սակայն այժմ միայն յիշատակներ մնացած են այդ բոլորէն։ Ներկայիս Արաբկիր կը բնակին ընդամէնը երեք հայեր՝ 80ամեայ Բաբգէն քեռին եւ 55-60ամեայ Մանուէլ ու Սարգիս եղբայրները։ Բացի անոնցմէ, Պոլսոյ մէջ ալ այժմ կան ընդամէնը երկու արաբկիրցիներ, որոնք հոն ծնած, Արաբկիրի հայկական վարժարանին մէջ ուսած, իսկ յետոյ Պոլիս գաղթած են։ Անոնցմէ մէկն է Էլիզ Նալպանտղազար )Օննիկ Նալպանտղազարի մայրը) եւ Վարսէն Օրունչաքըճը։ Երկուքն ալ 98 տարեկան են եւ եղած են Արաբկիրի հայոց վարժարանի վերջին ընթացաւարտներէն։
Նշեալ խումբը կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ բնակող արաբկիրցիներուն, որ նիւթական ու բարոյական զօրակցութեամբ օգնեն գերեզմանատան վերանորոգութեան, իսկ եթէ Թուրքիա այցելեն, առնուազն 2-3 օրուան համար իրենց նախնիներու ծննդավայրը երթան ու անցեալի յիշատակները ոգեկոչեն։