ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայ Ազգային Կոնգրեսի ձերբակալուած չորս երիտասարդները ազատ պիտի արձակուին ձերբակալուածներու ժամանակաւոր պահման մեկուսարանէն՝ իբրեւ խափանման միջոց ընտրելով չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը: Այդ մասին յայտնեց փաստաբան Յովիկ Արսէնեան: Ան նշեց, որ մեկուսարանէն ազատ պիտի արձակուին Սահակ Մուրատեանը, Վահագն Գէորգեանը, Դաւիթ Քիրամիջեանը եւ Արեգ Գէորգեանը:
Իսկ միւս երեքին՝ Տիգրան Առաքելեանի, Սարգիս Գէորգեանի եւ Արտակ Կարապետեանի նկատմամբ, նախաքննական մարմինը կալանքի միջնորդութեամբ դիմած է Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարան։
Յիշեցնենք, որ Հելսինքեան ընկերակցութիւնը նախապէս փոխանցած էր, թէ Կարապի լիճին մօտ ՀԱԿի անդամ նշեալ երիտասարդները մօտեցած էին պաշտպանութեան ծարայութեան գունդի աշխատակիցներուն, երբ վերջիններս կը ստուգէին քանի մը անցորդներ: Երիտասարդները պահանջած էին ոստիկաններէն հիմնաւորել իրենց գործողութիւնները, որմէ ետք ոստիկանները բռնութիւն գործադրած էին եւ ծեծի ենթարկած երիտասարդները:
Ոստիկանատան մէջ երիտասարդներու փաստաբաններուն եւ շտապ օգնութեան բժիշկներուն երկար ժամանակ թոյլ չէ տրուած մուտք գործել ոստիկանական բաժանմունք: Ի վերջոյ, երիտասարդներու պաշտպաններուն արտօնուած է այցելել անոնց, որմէ ետք փաստաբան Վահէ Յովսէփեան յայտարարած է, թէ երիտասարդներուն վրայ ակնյայտ բռնութեան հետքեր եղած են: Աւելի ուշ ձերբակալուածները տեղափոխուած էին մեկուսարան: