ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Յուլիս 30ի «Ասպարէզ» թերթին մէջ դուք կարդացիք ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղի բանակումին մասին, Յուլիս 21-24, 2011ին, «Dinkey Creek» բանակավայրին մէջ: Այսօր, կ՛ուզենք մեր ընթերցողներն ալ բաժնեկից դարձնել սկաուտ եւ գայլիկ մեր եղբայրներու ու քոյրերու՝ բանակումէն կրած տպաւորութիւններուն եւ ուրախութեան:
Կիրակի, Յուլիս 24ի յետմիջօրէին, ծնողները հաւաքուած էին «Ասպարէզ» ակումբին բակը՝ դիմաւորելու համար բանակումէն վերադարձող իրենց զաւակները. անոնք անհամբեր էին լսելու բանակումէն անոնց կրած տպաւորութիւններուն, չորսօրեայ կեանքին, կատարած աշխատանքներուն եւ արշաւներուն մասին:
Ճշդուած ժամանակին, բանակողները ինքնաշարժներով մուտք կը գործեն ակումբին բակը եւ դռները բանալով՝ վար կը ցատկեն, եւ դէպի ծնողները վազելով՝ կ՛ողջագուրուին. հակառակ անոնց յոգնած երեւոյթին, բարձրաձայն կը պատմեն բանակումէն, արշաւներէն ու խարուկահանդէսէն. ակումբին բակը, մանկական զիլ ձայներով կը թնդար:
Վստահ ենք, որ եղբայներն ու քոյրերը շատ հաճելի պահեր ապրած են անտառախիտ այդ լեռներու լանջին, իրենց պատասխանատուներուն եւ օգնականներուն հետ, ինչպէս ցոյց կու տար ակումբի բակին մէջ պարզուած տեսարանը:
Որպէսզի «Ասպարէզ»ի մեր ընթերցողներն ալ բաժնեկից ըլլան մեր նոր սերունդի ապրումներուն, փափաքեցանք հարցազրոյց մը կատարել «Սասուն» մասնաճիւղի ատենապետ Րաֆֆի Փիլաւեանի հետ, որ բանակումի չորս օրերուն, ընտանեօք ներկայ էր բանակավայր, իբրեւ պատասխանատու եւ Օժանդակ մարմինի անդամ:
Եղբայր Փիլաւեան, ընդառաջելով մեր փափաքին՝ ուրախ ժպիտով մը համակարգիչին վրայ «Դիմամատեան» («Ֆէյսպուք») բանալով ըսաւ. «Եղբայր Փանոսեան, ես քիչ պիտի խօսիմ, թող այս անգամ լուսանկարները խօսին»:
160 լուսանկարներ՝ չորսօրեայ բանակումի կեանքէն. եւ հակառակ իր խոստումին, ատենապետը մէկիկ-մէկիկ ցոյց տալով 160 նկարները՝ ըսաւ. «Բայց ինչպէ՞ս քիչ խօսիլ այն 5-8 տարեկան մանուկներուն մասին, որոնք Եռագոյնը կը բարձրացնեն, նստած դասասախօսութիւն մտիկ կ՛ընեն, վրաններ կը լարեն ու կը մաքրեն, գետին մէջ լողալով կը զուարճանան, արշաւներ, խարուկահանդէս եւ զանազան խաղեր կը կազմակերպեն, իսկ մեծ եղբայրներն ու քոյրերը, կարգապահութեամբ կը հետեւին օրուան յայտագիրին: Պէտք է ըսել, որ իրապէս շատ յաջող բանակում մըն էր»:
Ատենապետը, խօսքը շարունակելով՝ ըսաւ. «Այո՛, յաջող բանակում մը կատարեցինք. այս յաջողութիւնը կը պարտինք ոչ միայն մեր սկաուտ եւ գայլիկ եղբայրներուն ու քոյրերուն, այլ պատասխանատուներուն՝ խմբապետ Կարօ Ադիկեանին, գայլիկներու պատասխանատու՝ Լիսա Փանոսեանին. վարչութեան անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իրենց կատարած աշխատանքին համար: Կ՛ուզեմ յատուկ շնորհակալութեան խօսք ըսել նաեւ չորս օրերուն ընթացքին մեզի ընկերացող եւ օժանդակող Փիեռ Փիլաւեանին, Մանուկ եւ Մարալ Գասպարեաններուն, Լենա Փիլաւեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր ծնողներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ զօրավիգ կանգնեցան մեզի եւ ներկայ գտնուեցան խարուկահանդէսին: Յատուկ շնորհակալութիւն՝ Կարինէ Քէնտոյեանին, որ երեք շաբաթ առաջ Լիբանանէն Ֆրեզնօ ժամանած էր եւ փափաքած մասնակցիլ բանակումին: Քոյր Կարինէն երկար տարիներ աշխատած է ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի շարքերէն ներս. ան սիրով պիտի օժանդակէ մեզի»:
Խարուկահանդէսին ժամանակ, խմբապետ Ադիկեան իր շնորհակալութեան խօսքը յայտնելէ ետք բոլորին, մեծապէս գնահատած է բոլորին կարգապահ կեցուածքը եւ բանակումի «Տիպար սկաուտ»ի պատիւը շնորհած Րաֆֆի Հաւաթեանին:
Ատենապետը, խանդավառուած բանակումի յաջողութենէն՝ յաջորդ Շաբաթ օրը, բանակումին մասնակցող բոլոր քոյրերն ու եղբայրները հրաւիրեց իր բնակարանի պարտէզի լողաւազանին շուրջ: Այդ օրը հիւրաբար ներկայ էր նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային ընդհանուր խմբապետուհի Թալին Հինտոյեան, որուն ներկայութիւնը առաւել խանդավառեց ներկաները:
Մի՛շտ խանդավառ մնաք, սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, եւ շարունակէք քալել «Բարձրացիր-Բարձրացուր» նշանաբանով:
Ապրիք բոլորդ, ապրին նաեւ օժանդակող մեր ծնողներն ու բարեկամները. բոլորին կու գանք ըսելու. «Վարձքերնիդ կատա՛ր, եղբայներ եւ քոյրեր»: