Ծարաւ, Ջուր, Աղբիւր
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Առաջին իսկ հայեացքով այնպէս կը թուի, թէ մարդու հագագը չորցնող ծարաւը մէկ կողմէ, իսկ ջուրն ու անոր աղբիւրը միւս կողմէ, զիրար ամբողջացնող եռեակ երեւոյթներ են: Որովհետեւ ծարաւի զգացումին անհրաժեշտօրէն պէտք է պատասխանէ ջուրը, իսկ վերջինս անպայման ունի աղբիւր՝ ուրկէ կը բխի ու կը յագեցնէ ծարաւը:
Սակայն, բացայայտ է, որ առաջինը պէտք ունի միւս երկուքին, ու պէտք ունի ամէ՛ն գնով, որովհետեւ ի՞նչ կ՛արժեն անապատի նաֆթահորերը, երբ կիզիչ արեւուն տակ, այրող աւազին վրայ մէկ կաթիլ ջուրի կարիք ունենայ մարդ: Այդ պահուն յանձնառու կ՛ըլլայ ան, նոյնիսկ իր սեփականութիւնը եղող բազմաթիւ նաֆթահորեր նուիրելու անոր՝ որ ծարաւը յագեցնող մէկ բաժակ ջուր կը մատուցէ իրեն…:
Աղբիւրին մօտ կանգնած, կեդրոնացած հայեացքով անոր շուրթը համբուրող ու իրենց ծարաւը յագեցնող մարդոց դէմքին լրջութիւնը ու սիրտին գոհունակութիւնը, անբացատրելի զգացումներ են: Միւս կողմէ, մարմինը իր կենսունակութեամբ վերաշխուժացնելուն հետ, ջուրը մարդկային հոգին եւս կը զուարճացնէ: Նոյնը դիտելի է նաեւ բնազդով ապրող կենդանական աշխարհին մէջ: Թռչուններու պարագային նշմարուող գլխու վեր բարձրացումը ջուր խմելէ ետք, շատեր կը թարգմանեն իբրեւ Աստուծոյ «գոհութիւն յայտնելու» բնազդային արարք: Ինչքան ալ պատկերաւոր բացատրութիւն ըլլայ այդ, անպայման ունի խորհուրդ իր մէջ, որ միաժամանակ մտածել պէտք է տայ բանական էակներուս, այն բացառիկ հեղուկին՝ ջուրին մասին, առանց որուն կեանքը պիտի դադրէր գոյութիւն ունենալէ այս մոլորակին վրայ:
æուրին անհրաժեշտութեան մասին ամէն օր կը խօսուին ճառեր, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ կը հնչեցուին ահազանգներ, յիշեցնելու համար թէ օրէօր աւելի սահմանափակ կը դառնան այն աղբիւրները, որոնք կոչուած են բաւարարելու համայն աշխարհի մէջ ջուրի սպառումը: Մարդկութեան բազմանալուն հետ այնքան առնչուած չէ՛ այս մտահոգութիւնը անպայման: Աշխարհի բնական հարստութիւններէն գլխաւորը նկատուող ջուրը հաւասարապէս բաժնուելու խնդիր գոյութիւն ունի միջազգային գետնի վրայ, երբ հզօր պետութիւններ, կամ տնտեսապէս աւելի զօրաւոր երկիրներ «բնական» իրաւունքով իրենց կը վերապահեն աւելի լայն օգտագործումը այդ հարստութեան, մինչ աւելի համեստ կարողութեամբ ժողովուրդներ երաշտի կը մատնուին:
Յաճախ լրատուութեանց մէջ ցոյց կը տրուին երկիրներ իրարմէ բաժնող ու անոնց սահմանագիծը ճշդող գետեր, որոնց հունը դէպի այս կամ այն կողմ թեքելու պայքար կը տարուի դրացի պետութեանց միջեւ: Որոշ կազմակերպութեանց ահազանգին ականջ տալով, նոյնիսկ սարսափի մթնոլորտ կը ստեղծուի մեր սիրտերուն մէջ, այն առումով, որ ոռոգման ջուրը չէ՛ միայն որ անբաւարար պիտի ըլլայ, այլ ըմպելի ջուրը եւս վտանգուած է: Լրատուամիջոցներ յաճախ կը ցուցադրեն զանազան երկիրներու մէջ գտնուող ըմպելի ջուրի ապականեալ ամբարներ, որոնց պարունակութիւնը անգթօրէն կը բաշխուի տուեալ երկիրներու բնակիչներուն, ու անոր փոխարէն մեծ գումարներ կը գանձուին:
æուրին տրուած այս անհրաժեշտ կարեւորութիւնը մարդկութեան կողմէ, խորհըրդածելու առիթ կու տայ նաեւ, այլ տեսակի այն աղբիւներուն մասին, որոնցմէ կ՛ըմպեն մարդիկ, յագեցնելով իրենց այս կամ այն տեսակի «ծարաւ»ը:
Ուրիշին օժանդակութեան կարիքը ունեցող մարդոց համար յաճախ օգտագործուող «Ո՞ր աղբիւրէն կ՛օգտուի արդեօք» խօսքը, կարելի է ընդհանրացնել, կեանքի բոլոր բնագաւառներուն վրայ տարածելով զանիկա: Նոյնիսկ շատ ինքնավստահ ու ինքնաբաւ մարդիկ, այս կամ այն մարզին մէջ զգացած իրենց կարիքին դիմաց, կը փնտռեն «աղբիւր», ուրկէ կարենան ըմպել հարկ եղած քանակութեամբ «ջուրը»: Ասոր ամէնէն գործնական տեսակները զօրակցութեան կամ մխիթարութեան կարիքներն են, որոնց պէտք ունին նոյնիսկ թագաւորներ, կամ՝ նոյնիսկ շատ ինքնավստահ մարդիկ: Դրամական գործօնը այստեղ կանգ կ՛առնէ բարիք ըլլալէ: Ասիկա կը նմանի մեծահարուստ հիւանդին, որ մահուան անկողինին մէջ իր ամբողջ հարստութիւնը կը խոստանայ տալ անոր, որ պիտի կարենայ իր ցաւերը մեղմել ու իրեն վերադարձնել իր նախկին առողջութիւնը:
Վայրագութիւն ցուցադրող շարժապատկերներու մէջ յաճախ բեմադրուող աւազակութեան անակնկալ դէպքերը, կը ներկայացնեն հաւանական հարուստներ, որոնք կ՛ենթարկուին զինեալ գողերու հրահանգին, վեր բարձրացնելով իրենց երկու ձեռքերը: Այդ պահուն զոհը ստիպողաբար հաւանութիւն կու տայ, տալ ամէն ինչ որ ունի իր վրայ, կամ կրնայ շուտով ճարել, իբրեւ փրկագին ներկայացնելով զանոնք իր կեանքին:
Ինչ կը վերաբերի քաջալերանքին կամ սրտակցութեան, չկայ մարդ որ անոնց կարիքը զգացած չըլլայ այս կեանքին մէջ: Մահը համատարած երեւոյթ է, ու անկէ անմասն մնացող պիտի չըլլայ: Ուստի մխիթարութեան կարիքը եւս յաճախ պիտի զգացուի ամէնուն մօտ, եւ այսօր մխիթարողը, վաղը՝ մխիթարուող պիտի ըլլայ, դերերու փոփոխութեամբ:
Մարդը ցաւի մէջ տեսնելէն զգացուած սիրտի ցաւը ա՛յնքան սաստիկ չըլլար, որքան ցաւէն դուրս եկողին ապերախտութենէն պատճառուած ցաւը, անոր՝ որ ցաւակից եղած էր իրեն: Ցաւակիցը, բնականաբար, վերոյիշեալ աղբիւրներէն մէկն էր, որուն կարիքը ունէր ծարաւ անձը իր տագնապալի օրերու ընթացքին: Կիսաքաղաքակիրթ, վրանաբնակ կամ քոչուոր ցեղախումբերու վարքագիծ կը նկատուի, թափառական կեանքի ընթացքին հանդիպած աղբիւրէն խմելէ ետք պղտորել անոր ջուրը, կամ վնասել ակի դիւրասահ հոսքին, քարեր լեցնելով առուակի ճիւղաւորումներուն մէջ: Բնական է, աղբիւրէն խմելէ ետք գիւղացին եւս կռնակ կը դարձնէ անոր, երթալու համար իր գործին: Սակայն անիկա գիտէ, որ նոյն աղբիւրէն ինք եւ իր համագիւղացինեը դարձեալ պիտի օգտուին, ուստի չի՛ վնասեր անոր, ո՛չ ալ կը պղծէ զուլալ ջուրը, իր անպատասխանատու արարքներով:
Փորձառաբար ստուգուած է, որ շատ քիչ թիւով մարդիկ կը մտածեն վերստին յայտնուելիք ծարաւին մասին, երբ կուշտ ու կուռ կը խմեն աղբիւրէն: Մինչեւ իր հագագին բերանը ջուրով զովացուցած մարդը, ալ չկարենալով յաւելեալ ջուր խմել, կռնակ կը դարձնէ աղբիւրին, ու կը հեռանայ անկէ, առանց խորհելու, թէ շուտով դարձեալ պիտի ծարաւի եւ դարձեալ հրատապ կարիքը պիտի զգայ կենսատու ջուրին:
Ջուրը միակ հեղուկն է, որուն կարիքը չի՛ կրնար անտեսել մարդ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին: Տարիքի բերմամբ սեղմուող մարդկային կոկորդէն վար հոսող միակ հեղուկը Աստուածապարգեւ ջուրն է: Հոգեվարքի մէջ եղող մարդուն վերջին փափաքներէն մէկն ալ շրթներուն ջուրով թրջուելու խնդրանքն է…: Սակայն բարոյական նկատուող մարդը չուզեր ըմբռնել, որ անբարոյութիւն է խմած աղբիւրին ջուրը պղտորելը, կամ անոր առուակները անճոռնի քարերով կործանելը: