ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկեան «Սթրաթֆոր» վերլուծական կեդրոնի փորձագէտները յայտնած են, որ

Օգոստոս 9ին, Սոչիի մէջ կայացած Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Տմիթրի Մետվետեւի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը կայացած էր Ուաշինկթընին յիշեցնելու համար, որ Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ սերտ յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին։
«Ռուսիա ու Ատրպէյճան այդ հանդիպումը կ՛օգտագործեն ռուս-ամերիկեան վատթարացող յարաբերութիւններու եւ ատրպեճանական ուժանիւթի մարզի նկատմամբ աճող ամերիկեան հետաքրքրութեան ենթահողին վրայ Միացեալ Նահանգներուն յիշեցնելու՝ ռուս-ատրպեճանական սերտ յարաբերութիւններուն մասին», կը նշեն փորձագէտները։
Վկայակոչելով Ռուսիոյ մէջ անանուն աղբիւրները՝ «Սթրաթֆոր» կը պնդէ, որ ընդհանուր առմամբ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները արագօրէն կը վատթարանան։
«Հակառակ անոր, որ որոշ բնագաւառներու մէջ Ուաշինկթըն ու Մոսկուա կը համագործակցին, Ռուսիան շարք մը հարցերու առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներէն դժգոհ է։ Զայն մասնաւորաբար կ՛անհանգստացնէ Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ Ուաշինկթընի հակահրթիռային պաշտպանութեան սարքեր տեղակայելու ծրագիրները», կը նշէ «Սթրաթֆոր»ը՝ ընդգծելով, որ Կովկասը Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ հակասութիւններու գօտիներէն մէկն է։
«Ռուսիա կ՛ուզէ Ատրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնները օգտագործել՝ Միացեալ Նահանգներուն յիշեցնելու համար Կովկասի մէջ ունեցած իր ազդեցութեան մասին։ Իր կարգին, Ատրպէյճանի փորձերը՝ ճնշում գործադրելու Ուաշինկթընի վրայ եւ օգնելու Մոսկուային, անոր սովորական ռազմավարութեան մէկ մասն են, որովհետեւ Ատրպէյճան միշտ կը փորձէ օտար երկիրներու հակասութիւններով խաղալ՝ յօգուտ իր սեփական շահերուն։ Այս առումով, առաջին հերթին զայն կը հետաքրքրէ քարիւղի եւ կազի մարզը։ Ատրպէյճան դժուար թէ որեւէ ատեն ամբողջութեամբ կանգնի Ռուսիոյ կողքին, որովհետեւ Պաքուն, չի փափաքիր, որ ապագային իր ուժանիւթի հարստութիւնները որոշակի մէկ դերակատարէ կախեալ ըլլան», կը գրէ «Սթրաթֆոր»՝ նշելով, որ Միացեալ Նահանգներ մեծապէս հետաքրքրուած կը մնան Ատրպէյճանի ուժանիւթային մարզով։