
Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մորթը մեր մարմինի օրկաններէն մէկն է:
Չափահաս անձ մը ունի մօտաւորապէս 2 քառակուսի մեթր տարածութեամբ մորթ, որ կը շռէ 4.5-5 քկ.: Ան կը կազմէ մարմինի ծանրութեան 15 առ հարիւրը: Անոր 75 առ հարիւրը կազմուած է ջուրէ, 25 առ հարիւրը բնասպիտէ եւ 2 առ հարիւրը ճարպէ:
Մորթին հաստութիւնը կը տարուբերի տեղէ տեղ: Օրինակի համար շրթունքի մորթը ունի 0.1 մմ. հաստութիւն, իսկ ներբանի (sole) եւ ափի մորթը ունի 4 մմ. հաստութիւն: Մորթը աւելի կը հաստնայ շարունակ շփելով զայն եւ ճնշում բանեցնելով անոր վրայ: Մորթին միջոցաւ մեր մարմինը հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէ շրջապատին եւ արտաքին աշխարհին հետ: Ան մեր մարմինի գեղեցկութեան հայելին է: Ան կը ներկայացնէ անհատի մը արտաքին վայելչութիւնը կամ տգեղութիւնը: Հետեւաբար, առաւելագոյն չափով զգոյշ պէտք է ըլլանք մեր մորթին մաքրութեան եւ առողջութեան:
Մորթը ունի որոշ յատկութիւններ՝ գոյն, կազմաւորում (structure), տեսք, ճկունութիւն (pliability) եւ առաձգականութիւն (elasticity): Ֆիզիքական ճնշումով մորթին վրայ կը յառաջանայ ժամանակաւոր փոսիկ:
Մորթը վատ հաղորդիչ է ջերմութեան: Չոր մորթը դժուարութեամբ կը փոխանցէ ելեկտրական հոսանքը: Հակառակը կը պատահի խոնաւ եւ թաց մորթի պարագային:
Արեւուն ճառագայթները կը ներթափանձեն (penetrate) մորթին մէջ:
Անդրամանիշակագոյն ճառագայթները (UVL) մորթին մէջ կը նպաստաեն D կենսանիւթի արտադրութեան:
Այս յատկութիւնները կը տարուբերին անձէ անձ եւ կախեալ են սեռէն, տարիքէն եւ ցեղային տարբերութիւններէն:
Մորթը կազմուած է երեք խաւերէ՝
Ա. Վերնամորթ (epidermis).
Բ. Ենթամորթ (dermis).
Գ. Ներքնամորթ (subcutaneous tissue):
Ա. Վերնամորթը մարմինին արտաքին պաշտպան պատն է, որ անմիջական հաղորդակցութեան մէջ է մեր շրջապատին հետ: Վերնամորթը զուրկ է անօթային ցանցէ (vascular net): Հոնկէ կ՛աճին եղունքները:
Վերնամորթը կազմուած է հինգ ենթախաւերէ. Առաջին խաւը կազմուած է մահացած բջիջներէ որոնք կը թափին երկու շաբաթը մէյ մը: Հինգերորդ խաւին մէջ զետեղուած են վերնամորթի նորաստեղծ բջիջները:
Վերնամորթի բջիջներուն 90 առ հարիւրը եղջերաբջիջներէ (keratinocyte) կազմուած է. Այս բջիջները կ՛արտադրեն եղջերանիւթ (keratine) սպիտակուցը (protein), որ կը պաշտպանէ մորթը եւ անոր յատակը գտնուող հիւսկէնները:
Melanocyte բջիջները կը գտնուին վերնամաշկին ստորին խաւին մէջ, որոնք կը կազմեն վերնամաշկի բջիջներուն 8 առ հարիւրը: Անոնք կ՛արտադրեն մորթը գունաւորող նիւթը որ կը կոչուի melanine:
Բ. Ենթամորթին մէջ կը գտնուին՝
ա. Մազի պարկիկները-արմատները (hair follicles) եւ մազի ցօղունները (shaft): Մազի պարկիկները շարունակ մազի կազմաւորման աշխատանքի մէջ են: Մազի ցօղունները կանցնին վերնամորթէն եւ դուրս կը ցցուին մորթի մակերեսէն.
բ. Ճարպագեղձերը (sebaceous glands), որոնք յարաբերութիւն ունին մազի պարկիկներուն հետ: Ճարպագեղձերը կը բացուին մազի պարկիկներուն եւ մազի ցօղուններուն մէջ.
գ. Քրտնաբեր գեղձերը (sweat glands), որոնք կը գտնուին մարմինի մորթին բոլոր տարածքին եւ կը բացուին մորթին մակերեսը:
Ճարպագեղձերը եւ քրտնաբեր գեղձերը կը մատակարարուին եւ կը ղեկավարուին մարմինի ինքնագործ ջղային դրութեամբ (autonomic nervous system).
դ. Հարուստ անօթային ցանցը, որ կազմուած է զարկերակներէ, երակներէ եւ մազանօթներէ (capillaries): Մորթը նկատուած է արեան մեծ շտեմարան մը: Մորթի ամբողջութեանը մէջ կը շրջագայի մօտաւորապէս մարմինի ընդհանուր արեան 8-10 առ հարիւրը.
է. Զգացողութեան (sensation, feeling) ջիղերու ցանց մը: Այս ջիղերը կը փոխադրեն ցաւի, քերուըտուքի, ջերմութեան, դպչելու եւ ճնշումի զգացողութիւնները.
զ. Առաձգական բնաթելեր (elastic fibers), որոնք մորթին կու տան յատուկ առաձգականութիւն մը.
է. Թելամկանները (erector pili), որոնք կը շրջապատեն մազի պարկիկները շեղակիօրէն: Մազերը կը շարժին թելամկաններու պրկումներով.
Գ. Ներքնամորթը հարուստ է ճարպով եւ աւելի մեծ զարկերակներով, երակներով եւ ջիղերով: Այս խաւն է որ մեծ դերակատարութիւն ունի մարմինի ջերմութեան կանոնաւորման մէջ:
Մեր մարմինի մորթը որոշ տեղեր ծածկուած է մազով եւ որոշ տեղեր անմազ է:
Ափը եւ ներփանը մազով չեն ծածկուած: Այս երկու վայրերու մէջ մորթը ունի չորս յատկութիւններ՝
Ա. Մորթը ունի տարբեր-տարբեր ձեւերով գծաւոր փոսիկներ եւ բարձրութիւններ, որոնք իւրայատուկ են ամէն անձի մօտ: Այս գծաւորումը մատներուն կու տայ առանձնայատուկ մատնանշաններ (finger print), որոնք յաճախ կը գործածուին պետական մարմիններու կողմէ բացայայտելու համար ենթակային ինքնութիւնը.
Բ. Վերնամորթը շատ աւելի հաստ եւ թանձր է քան մարմինի այլ բաժինները.
Գ. Մազի պարկիկները եւ ճարպագեղձերը բացակայ են.
Մազով ծածկուած մորթը ունի երկու հիմնական յատկութիւններ՝
Ա. Հարուստ է ճարպագեղձերով.
Բ. Հարուստ է մազի պարկիկներով:
Մորթը ըլլալով մարմինի օրկաններէն մէկը ունի շատ կարեւոր պարտականութիւններ՝
Ա. Կ՛արտադրէ եւ կ՛արտաթորէ (excrete) քրտինք.
Քրտինքը կ՛արտադրուի մորթին մէջ շարունակ, բայց պզտիկ քանակութեամբ: Արտադրուած քրտինքը կ՛արտաթորուի վերնամորթէն դուրս: Մթնոլորտային ջերմութեան բարձրացումով եւ մարմնական ֆիզիքական աշխատանքով քրտինքի արտադրութիւնը եւ արտաթորումը կը բազմապատկուի: Քրտինքը կազմուած է ջուրէ, որ կը պարունակէ որոշ քանակութեամբ աղ: Տաք օրերուն եւ մարզանքի ընթացքին որոշ քանակութեամբ աղ կը կորսնցնենք առատ քրտինքի արտաթորումով: Բոլորս անընդհատ մեր մարմինի մակերեսէն կը կորսնցնենք ջուր: Այս մէկը կը կոչուի «անզգալական անգիտակցական ջուրի կորուստ» (insensible loss): Քիրտինքով ջուրի կորուստը կը կոչուի «զգալական-գիտակցական կորուստ» (sensible loss): Մարմնի որոշ վայրերուն մէջ մորթի քրտնաբեր գեղձերը կ՛արտադրեն բուրող քրտինք: Այս գեղձերը մասնաւորապէս կը գտնուին, սեռական արտաքին օրկաններու շուրջը, ականջացնցուղներու (external ear canal) մէջ, անութներու (axilla) եւ կրծքագեղձերու վրայ.
Բ. Կը կանոնաւորէ մարմինի ջերմութիւնը.
Մեր մարմինը բնախօսականօրէն կը փորձէ հակակշռել եւ կամ համակերպիլ տարբեր միջավայրերու եւ տարբեր եղանակներու ջերմաստիճանի փոփոխութիւններուն հետ: Հիմնականօրէն մարմինի մորթն է, որ կը կատարէ այս աշխատանքը պահելու համար մեր մարմինի ջերմաստիճանը բնական սահմաններու մէջ:
Մեր մարմինի ջերմութիւնը կը պահուի մարմինի ջերմակարգաւորման (heat regulating) յատուկ գործընթացով: Այս գործընթացը պայմանաւորուած է մարմնական ջերմառաջացումով (heat production) եւ ջերմատուութեամբ-ջերմակորուստով (heat dissipation, loss):
æերմառաջացումը կը կանոնաւորուի մարմինի տարբեր օրկաններու եւ հիւսկէններու ջերմարտադրութեամբ:
æերմատուութիւնը տեղի կ՛ունենայ հիմնականօրէն մարմինի մակերեսէն եւ մասնակիօրէն շնչառական համակարգի խլնաթաղանթէն (mucosa):
Մորթի ջերմատուութիւնը մարմինի մակերեսէն կ՛իրականանայ երեք ձեւերով՝
ա. Շողարձակում (radiation).
բ. Անմիջական փոխանցում (conduction).
գ. Շոգիացում (evaporation):
Շրջապատի ջերմութիւնը եւ խոնաւութիւնը անմիջականօրէն առնչուած են մարմինի ջերմատուութեան հետ:
Շրջապատի շատ խոնաւ օդի պարագային ջերմութիւն չենք կորսնցներ, որովհետեւ մարմինի մակերեսէն շոգիացում տեղի չունենար:
Անապատի տաք եւ չոր օդի պարագային ջերմառաջացում տեղի չունենար, սակայն մարմինի մակերեսէն տեղի կ՛ունենայ ջերմատուութիւն եւ ջուրի կորուստ հետեւեալ միջոցներով՝
1. Ենթամորթին մէջ գտնուղ քրտնաբեր գեղձերը կ՛արտադրեն առատ քրտինք, որ կը կորսուի շոգիացումով.
2. Մորթի թելամկաները կը մնան պառկած-հորիզոնական դիրքի մէջ եւ կը նպաստեն ջերմատուութեան.
3. Մորթի զարկերակները կ՛ընդլայնին, արեան շրջագայութիւնը կ՛արագանայ եւ ջերմատուութիւնը կ՛աշխուժանայ:
Պաղ եղանակներուն ջերմառաջացումը կ՛աշխուժանայ եւ ջերմատուութիւնը կը նուազի հետեւեալ միջոցառումներով՝
1. Ուղեղի ջերմականոնաւորման կեդրոնի հրահանգներով մարմինի մկանները կը պրկուին, կը կծկուին եւ տեղի կ՛ունենայ դող ու ջերմառաջացում.
2. Քրտնաբեր գեղձերը նուազ քրտինք կ՛արտադրեն, շոգիացում տեղի չունենար եւ ջուրի ու ջերմի կորուստ չի պատահիր.
3. Մորթի մազերը կը մնան ցցուն վիճակի մէջ եւ արգելք կը հանդիսանան ջերմատուութեան.
4. Մորթի զարկերակները կը նեղնան, արեան շրջագայութիւնը կը դանդաղի եւ ջերմատուութիւնը կը նուազի:
Գ. Արգելք կը հանդիսանայ օտար մարմիններու եւ մանրէներու ներխժումին մարմնէն ներս.
Դ. Կը պաշտպանէ ամբողջ մարմինը ընդհանրապէս եւ ենթամորթային հիւսկէնները՝ մասնաւորապէս արտաքին հարուածներէ եւ վնասներէ.
Ե. Կը զգայ արտամարմնական զանազան գրգռութիւններ, մասնաւորապէս՝ ջերմութիւն (տաք եւ պաղ), ցաւ, դպչիլ-հպում եւ ճնշում.
Զ. Կ՛արտադրէ D կենսանիւթը: