ՊՈԼԻՍ.- Հինգշաբթի, Յուլիս 30ին Գնալըի եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ բանախօսութիւն մը տուաւ պէյրութահայ՝ ներկայիս գերմանիաբնակ Իշխան սրկ. Չիֆթճեան, որպէս նիւթ ունենալով «Սփիւռք» հասկացողութիւնը։ Հաւաքոյթին ներկայ էին Կիլիկիոյ աթոռէն Պոլիս գտնուող՝ Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան, Գրիգոր Ա. քհնյ. Տամատեան, Վաղարշակ սրկ. Սերոբեան, Գնալըի Թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան, Թաղային խորհուրդի նորընտիր բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ կղզիէն կոկիկ թիւով մշակութասէր ժողովուրդ։
Հաւաքոյթին բացումը կատարեց Վաղարշակ սարկաւագ, որ յայտնեց, թէ բաւական ատենէ ի վեր Գնալըի մէջ դադրած էին նմանօրինակ մշակութային հանդիպումները եւ այսօր ուրախ է, որ սկիզբ մը կը դրուի այդպիսի ձեռնարկներու, ապա հրաւիրեց բանախօսը, որպէսզի ներկայացնէ իր նիւթը։
Իշխան սարկաւագ, իր նիւթին սկսաւ հարց տալով, թէ Պոլիսը Սփի՞ւռք է, թէ Սփիւռքի մաս կը կազմէ, ապա ինք տուաւ հարցումին պատասխանը՝ յայտնելով, որ Պոլիսը ո՛չ Սփիւռք է, ո՛չ ալ Հայաստան։ Պոլիսը կորիզ մը, կեդրոն մը, հայրենիք մըն է։ Իբրեւ մայր երակ, կեդրոնական խարիսխ, ան հայրութեան դեր խաղացած է շատ հայ գաղութներու համար։ Կեդրոն ըլլալ, հայրենիք ըլլալ կամ հայրենիքի դեր խաղալ՝ կը նշանակէ ամէն բանէ առաջ տալ, տալ եւ ո՛չ թէ առնել։ Իշխան Սարկաւագ այս բնորոշումները ընելէ ետք, իր տեսանկիւնէն վերլուծեց Սփիւռք հասկացողութիւնը՝ այս նիւթը ձեռք առնելով երեք տեսանկիւններէ։ Նախ կանգ առաւ Սփիւռքի ժխտական իմաստին վրայ՝ յայտնելով, որ սփիւռքահայերը քանի որ չունին սեփական հող ու պետութիւն, օտարութեան մէջ կարգ մը մտավախութիւններ կ՛ապրին։ Այդ մտավախութիւններէն գլխաւորն է օտարացումն ու ձուլումը։ Սփիւռքը պայքարի դաշտ մըն է, որմէ կ՛ակնկալենք թէ՛ վնաս եւ թէ շահ։ Կայ գէշ օտարը եւ լաւ օտարը։ Երկուքն ալ մեզի չեն պատկանիր, բայց մէկը կ՛իւրացնենք, իսկ միւսը՝ կը վանենք, ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ օտարին մօտ կը տեսնես բաներ, որոնք քուկդ չեն, բայց կը հաւնիս, օրինակ՝ օտար լեզուն, եւ կ՛իւրացնես զայն։ Կան բաներ, զորս չես հաւնիր եւ կը պահպանես քու ունեցածը, օրինակ՝ կրօնքը։
Բանախօսը որպէս երկրորդ պարագայ, վերլուծեց Սփիւռքին դրական իմաստը՝ շեշտելով, որ սփռուած հաւաքականութիւն մըն է Սփիւռքը, եւ ոչ թէ ցրուում։ Սփիւռքը արտադրող միաւոր մըն է եւ ո՛չ թէ հայրենիքէն ներածող մը։ Քանի որ Սփիւռքին մէջ, ինչ-ինչ պատճառներով հետզհետէ կը պակսի ինքնակազմակերպման աշխատանքը, անիկա նիւթապէս տուողի եւ մշակութապէս ստացողի վիճակին մէջ կը գտնուի հանդէպ ներկայ Հայաստանին, ինչ որ սխալ է։ «Հայագիտութեան կեդրոնը Հայաստանը չէ, ինչպէս որ հայագիտութիւնը միայն հայոց մենաշնորհը չէ», եզրակացուց Իշխան սարկաւագ։ Աւարտին, բանախօսը պատասխանեց նաեւ իրեն ուղղուած հարցումներուն։ Վերջաւորութեան, ներկաները շնորհաւորեցին բանախօսը, իսկ Թաղային խորհուրդի անդամները կոկիկ ընդունելութեամբ մը հիւրասիրեցին ներկաները։