ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 28ին Հայաստանի ճատրակի տղամարդոց ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Դիլիջան, ուր պիտի իրականացնէ իր ուսումնամարզական վերջին հաւաքը՝ նախապատրաստուելով Յուլիս 10ին Չինաստանի մէջ մեկնարկող ճատրակի աշխարհի խմբային առաջնութեան:
Ըստ գրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեանի՝ ճատրակի հայ վարպետները Դիլիջանի մէջ պիտի իրականացնեն իրենց ուսումնամարզական վերջին հաւաքը այս առաջնութենէն առաջ եւ Չինաստան պիտի մեկնին Յուլիս 8ին: