ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ

Հովանաւորութեամբ ՀՕՄի «Սիփան» մասանաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ Շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրինութեան, Շաբաթ, 18 Յունիս 2011ին, կեդրոնի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շաբաթօրեայ վարժարանի 2010-2011 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը։
Յայտագիրը ընթացաւ աշակերտներուն կողմէ, կրթական տարուան ընթացքին իրենց սորված երգ-արտասանութիւններով, նուագակցութեամբ դաշնակահար Լեւոն Թովմասեանի։
Յաջորդաբար մանկապարտէզի եւ Ա.-Զ. կարգերու աշակերտներ, յայտագիրին ընդմէջէն եւ իրենց ծնողներու ներկայութեան վկայեցին, թէ իրե՛նք են հետնորդները իրենց ծնողներուն։
Հայ ազգասէր սերունդ մը ունենալը Հայ Մանուկի տարուան գլխաւոր նպատակներէն կարեւորագոյնը հանդիսանալով՝ ծնողներ վստահած եւ յանձնած են իրենց երեխաները Հայ Օգնութեան Միութեան Շաբաթօրեայ վարժարաններու կառուցողական ծրագիրներուն՝ առողջ ու ազգային ոգիով դաստիարակուած սերունդ մը ունենալու համար։
Վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գրիգորեան, իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, աշակերտներուն եւ մասնաճիւղի վարչութեան կապ Այտա Թինկիրեանին, համագործակցութեան ու յաջող տարի մը բոլորելու առթիւ։
Յայտագիրը իր աւարտը գտաւ «Միասնութեան շուրջպար»ով, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցան վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գրիգորեան, ուսուցչուհիներ Մարիա Ղարիպեան, Անի Չոլաքեան, կամաւոր օգնական Լարա Քալօղլեան եւ դաշնակահար Լեւոն Թովմասեան։
«Սիփան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Քրիստին Յովնանեան գնահատեց տնօրինութեան եւ ուսուցչական կազմին անսակարկ նուիրումը, ապա անոնց տարած աշխատանքը արժեւորեց ծաղկեփունջերով։
Ներկաները մասնաճիւղին կողմէ հիւրասիրուեցան կեսօրուան ճաշով։
Յայտագիրի երկրորդ բաժինով, ատենապետուհի Ք. Յովնանեան անդրադարձաւ անցած տարեսկիզբին պատրաստուած վիճակահանութեան տոմսերուն, անոնց իրացման ու նպատակին՝ շահոյթ ապահովել Շաբաթօրեայ վարժարանի հեզասահ աշխատանքներուն։ Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք քաջալերած են այդ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ առիթ տուած են իրենց զաւակներուն հետեւելու ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարանի ծրագիրներուն։ Աւարտին, ան բարի ամառ մը մաղթեց բոլորին, ապա տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւնը: Շահող թիւերն էին՝ թիւ 1587՝ Առաջին մրցանակ՝ «բազկաթոռ»։ 1666՝ երկրորդ՝ «Լուսանկարչական գործիք»: 305՝ երրորդ՝ «DVD player», իսկ 4085՝ չորրորդ՝ «LCD TV»։