ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անցեալ շաբաթ կարեւոր ելոյթ մը ունեցաւ Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովէն ներս (ԵԽԽՎ): Իր 30 վայրկեան տեւողութեամբ համապարփակ ճառին մէջ, նախագահը անդրադարձաւ Հայաստանի ներքին ու արտաքին խնդիրներուն՝ օտարերկրեայ բարձրաստիճան լսարանին առջեւ երկիրը ներկայացնելով լաւագոյն լոյսի տակ:
Ներքին հարցերու առումով, նախագահ Սարգսեան խօսեցաւ փտածութեան դէմ պայքարին, «արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ» իրականացնելու եւ «2008 Մարտի ողբերգական դէպքերուն հետեւանքները» վերացնելու մասին:
Այնուհետեւ նախագահը Եւրոպական խորհրդարանականներուն յիշեցուց, որ Հայաստանը ունի Եւրոպայի հետ ընդհանուր «պատմական ու մշակութային պատկանելիութիւն», եւ ներկայացուց Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ տարուող բանակցութիւնները: Ան դատապարտեց Ատրպէյճանի մէջ տիրող «հայատեացութեան եւ օտարատեացութեան ծայրայեղ աստիճանը», ըսելով, որ դժուար է զիջումներ կատարել անոր, «որ կը սպասէ մեր վրայ կրակելու յարմար առիթի մը»:
Նախագահ Սարգսեան շարունակեց մեղադրել Թուրքիոյ կառավարութիւնը՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու «կարգաւորման» գործընթացի տապալման համար, ըսելով, որ (Թուրքիա) «վերադարձաւ նախապայմաններ առաջադրելու իր գործելաոճին, չյարգեց ստանձնած պարտաւորութիւնները, ինչ որ անհնարին դարձուց ստորագրուած արձանագրութիւններուն վաւերացումը»:
Ան կոչ ըրաւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին վերջ տալու Հայաստանի «ապօրինի շրջափակման», եւ մեղադրեց Թուրքիան այն բանին համար, որ «Օսմանեան կայսրութեան մէջ, 1915ին հայերու նկատմամբ իրագործուած Ցեղասպանութիւնը Թուրքիան, առ այսօր, ոչ միայն չի ճանչնար, այլեւ կ՛իրականացնէ ժխտման բացայայտ քաղաքականութիւն»: Ան խոստացաւ, որ այսուհետեւ հայութեան «անխոնջ ջանքերը, եւ լիայոյս եմ՝ նաեւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններով մտահոգուողներուն ջանքերը՝ ուղղուած կ՛ըլլան Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման»:
Ելոյթէն ետք, Հայաստանի նախագահ Սարգսեան, եւս 30 վայրկեան նուիրեց՝ Լիթուանիան, Ֆրանսան, Զուիցերիան, Ռուսիան, Մոլտովան, Հոլանտան, Հայաստանը եւ Իրլանտան ներկայացնող ԵԽԽՎ պատուիրակներու հարցումներուն պատասխանելու համար: Հինգ ատրպէյճանցի իրենց անունները արձանագրած էին խորհրդարանականներու ցանկին մէջ, հարցեր տալու համար, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը ելոյթ ունեցաւ: Թուրքիոյ պատուիրակները նոյնպէս միաձայն որոշած էին հարցեր չուղղել Հայաստանի նախագահին, ինչպէս յայտնեց թրքական «Հիւրրիյէ»չ թերթը:
Ամէնէն աւելի ուշագրաւ հարցումը ուղղուեցաւ ՀՀ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան անդամ Զարուհի Փոստանջեանի կողմէ: Ան նախագահ Սարգսեանին հարց տուաւ. «Հայաստանում ձեւաւորուել է աւտորիտար (մենատիրական-Խմբ.) ռեժիմ, 1995 թուականից սկսած ընտրութիւնները կեղծուել են: Չէ՞ք ցանկանում նախաձեռնել արտահերթ, արդար ընտրութիւններ եւ հեռանալ»:
Մինչ ԵԽԽՎի թուրք նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլու քմծիծաղով արձագանգեց այդ հարցումին, նախագահ Սարգսեան հանդարտօրէն պատասխանեց, որ ինք քաջ տեղեակ է տիկին Փոստանջեանի կարծիքներուն մասին, զորս ան ազատօրէն կը հնչեցնէ ինչպէս Հայաստանի խորհրդարանին, այնպէս ալ փողոցներուն ու լրատուամիջոցներուն մէջ: Ան աւելցուց, որ չի պատրաստուիր արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու, որովհետեւ ատոր ո՛չ անհրաժեշտութիւնը կայ, ոչ ալ մեր սահմանադրութիւնը նման հնարաւորութիւն կու տայ այդպէս հեշտութեամբ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու: Ան կոչ ըրաւ տիկին Փոստանջեանին մասնակցելու խորհրդարանական յաջորդ հերթական ընտրութիւններուն:
Զարմանալի չէ, որ Հայաստանի նախագահի՝ ԵԽԽՎի ելոյթը, ողջունուեցաւ իր աջակիցներուն կողմէ եւ քննադատութեան ենթարկուեցաւ ընդդիմադիրներուն կողմէ՝ երկրէն ներս: Շահագրգիռ բոլոր կողմերուն համար առաւել կարեւոր խնդիրը պէտք է ըլլար այն, որ արդեօք նախագահին տպաւորիչ բառերը կեանքի պիտի կոչուի՞ն մօտ ապագային: Այնուամենայնիւ, անմիջական տարակարծութիւնը՝ տիկին Փոստանջեանի կողմէ օտար հողի վրայ ՀՀ նախագահը քննադատելու նպատակայարմարութեան մասին էր:
Հայ քաղաքական գործիչներէն ոմանք անյարմար կը գտնէին Զ. Փոստանջեանի «յարձակումը» նախագահ Սարգսեանի վրայ, Եւրոպական խորհուրդի ատեանին մէջ: Ուրիշներ ալ այն կարծիքին էին, որ անոր օգտագործած «կոշտ բառերը» ակամայ նախագահին ի նպաստ էին, քանի որ իսկական «աւտորիտար ռեժիմի» պարագային, ընդդիմութեան ներկայացուցիչը այդ պատուիրակութեան մէջ պիտի չգտնուէր, պիտի զրկուէր խորհրդարանական իր անձեռնմխելիութենէն եւ պիտի ենթարկուէր հետապնդումի: Իրականութեան մէջ, եւրոպայի որոշ խորհրդարանականները հետաքրքրեց այն, թէ արդեօք Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի պատուիրակները կը համարձակէին քննադատել ԵԽԽՎի մէջ իրենց նախագահը:
Ամերիկայի քաղաքական գործիչները կ՛օգտագործեն «քաղաքականութիւնը կանգ կ՛առնէ երկրի ծայրամասին» արտայայտութիւնը՝ նշելու համար, որ իրենք պատրաստակամ են մէկ կողմ դնելու ներքին տարակարծութիւնները՝ օտարներուն դիմաց միասնական ճակատ ցոյց տալու համար: Օգտագործելով այս ասացուածքը Հայաստանի պարագային՝ կասկածի տակ կը դրուի Եւրոպայի խորհուրդին առջեւ նման նսեմացնող դիտողութիւններ ընելու խելամտութիւնը, անկախ այն հանգամանքէն, թէ համաձա՞յն է նախագահին կամ անոր կողմէ վարուող քաղաքականութեան, թէ ոչ: Քանի որ Հայաստանը միջազգային ֆորումներու մէջ անընդհատ յարձակումի կ՛ենթարկուի թուրք եւ ատրպէյճանցի պատուիրակներուն կողմէ, անմտութիւն է մեր ձայնը միացնել Հայաստանի հեղինակութիւնը վարկաբեկողներու ձայնին:
Այս հարցը նաեւ կը յառաջանայ, երբ որոշ հայեր կը փորձեն ճնշում գործադրել իրենց իշխանութիւններուն վրայ՝ ներքին վէճերը օտարերկրեայ կառավարութիւններ եւ միջազգային դատարաններ հասցնելով: Թէեւ անոնց վրդովմունքը հասկնալի է, այնուամենայնիւ, օտարերկրեայ ատեաններ մեր ներքին վէճերուն միջամուխ դարձնելը կը վնասէ Հայաստանի հեղինակութիւնը արտերկրի մէջ: Նման դէպքերու, այնուամենայնիւ, մեղքը նաեւ Հայաստանի կառավարութեանն է, որ չի կրնար ապահովել երկրի դատարաններուն անաչառութիւնը, ինչ որ կը ստիպէ քաղաքացիներուն արդարադատութիւն հայցել այլ վայրերու մէջ:
Նախքան երկրէն դուրս Հայաստանի ղեկավարութեան վերաբերեալ քննադատական դիտողութիւններ ընելը, յատկապէս խորհրդարանի անդամներու կողմէ, որոնք իրենց կարծիքները երկրէն ներս արտայայտելու մեծ հնարաւորութիւն ունին, ամէն ոք պէտք է կշռէ եւ բաղդատէ մարդու իրաւունքները յարգելու նպատակով իշխանութիւնները ճնշելու օգուտները՝ երկրի միջազգային հեղինակութեան հասցուած վնասին հետ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Artahaytvats mitqy goveli e, sakay petq e mtatsel naev, vor nakhagah S. Sargsyany karogh er nakhapes paymanavorvrvats linel Zaruhi Postanjyani het… Verji verjo hayers nuynpes petq e ogtvel imananq divanagitutyan mijazgajin kanonneric…