ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» կը յայտնէ, որ Ֆէրիգիւղի «Մէրամէթճեան» վարժարանի «մայնտ լապ»ի խումբը, երրորդ անգամ Թուրքիոյ ախոյեան հանդիսացած էր եւ իրաւունք շահած Թուրքիան ներկայացնելու «մայնտ լապ»ի միջազգային ողիմպիականներու մէջ։
Մէրամէթճեանցիները, 2009ին Վենետիկի մէջ երկրորդ հանդիսացած էին, իսկ անցեալ տարի ալ կրկին յաջող արդիւնքներ ապահոված էին Պուտափեշթի մէջ։
Այս անգամ միջազգային ողիմպիականները, Յունիս 15-19 կայացան Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ եւ աշխարհի չորս ծագերէն 12 խումբեր պայքարի մտան մրցանակային տեղերու համար։ Մէրամէթճեանցի աշակերտներն էին՝ Թարաքճըօղլու, Սէրտար Պարմաքսըզ, Մերի Գուզուճու եւ Լարիսա Ըլկարլար։ Անոնց կ՛ընկերանային տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, հոգեբան ուղեցոյց-ուսուցչուհի Սթելլա Պէնանսոն եւ մասնակից աշակերտներու ընտանեկան պարագաները։
Խումբը ճամբայ ելաւ Յունիս 15ին եւ առաջին օրը, Յունիս 16ին տրուած ըլլալով որ ընդհանրապէս արձակուրդի օր էր, մասնակիցներու համար կազմակերպուեցան պտոյտներ եւ զանազան ձեռնարկներ։ Բուն մրցումը կայացաւ Ուրբաթ, Յունիս17ին եւ մասնակից խումբերը, որոնց մէջ էին նաեւ Աւստրալիայէն, Պրազիլէն ու եւրոպական բազմաթիւ երկիրներէն խումբեր, սկսան իրենց ուժերը չափել «մայնտ լապ»ի զանազան խաղերու մէջ։
Ախոյեան հռչակուեցաւ Իսրայէլի խումբը, որ ընդհանրապէս մրցակցութենէ դուրս է եւ մասնակից խումբերը արդէն հաշտուած են այդ մտքի հետ եւ պայքարի կը սկսին երկրորդ տեղը գրաւելու համար։ Հարցն այն է որ Իսրայէլի մէջ «մայնտ լապ»ը ընդգրկուած է դպրոցական ծրագրերու մէջ եւ որպէս պարտադիր դասանիւթ կ՛ուսուցանուի ու աշակերտներն ալ ուղղակի անպարտելի բարձրակարգ վարպետներ են։
Ֆէրիգիւղցիներ մրցումներու ընդհանուր արդիւնքով վեցերորդ հանդիսացան 12 խումբերու մէջ եւ ստացան համապատասխան վկայագիր։
Այցելութեան երրորդ օրը, Մէրամէթճեանցիները հիւրընկալուեցան Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի հայկական բաժինի վարիչ-տնօրէն փրոֆ. Զաւէն Եկաւեանի կողմէ։ Անոնք Զ. Եկաւեանի առաջնորդութեամբ շրջեցան հիմնարկի կեդրոնակայանի, «Կիւլպէնկեան» թանգարանի մէջ, ապա հիւրասիրուեցան հիմնարկի ճաշարանին մէջ, եւ որպէս յիշատակ փրոֆ. Զաւէն Եկաւեանին նուիրեցին ապակեայ յուշանուէր մը, որուն վրայ կար պր. Եկաւեանի դիմանկարը՝ «Կոլոտ» շքանշանը կուրծքին վրայ։
Խումբը Կիրակի առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերադարձաւ Պոլիս եւ օդակայանին մէջ ծաղկեփունջերով դիմաւորուեցաւ հիմնադիր փրոֆ. Աւետիս Հաճընլեանի եւ Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն կողմէ։